Որոնել

Convegno "A world without death penalty"

Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրը մեկնած է Վիեթնամ

Կեցութեան ընթացքին Վատիկանի ներկայացուցիչը պիտի ունենայ տարբեր պաշտօնական հանդիպումներ, որոնց շարքին, Վիեթնամի Արտգործ նախարարին, Վարչապետին ու ներքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

9էն 14 ապրիլ 2024ին, Վատիկանի Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղար` Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր, պաշտօնական այցով մեկնած է Վիեթնամ ուր պիտի մնայ մինչեւ 14 ապրիլին եւ կեցութեան ընթացքին պիտի ունենայ տարբեր պաշտօնական հանդիպումներ, որոնց շարքին, Վիեթնամի Արտգործ նախարարին, Վարչապետին ու ներքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում։

Վատիկանի ներկայացուցիչը ապա պատարագ պիտի մատուցէ Հանոյի Սուրբ Յովսէփ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ ու պիտի այցելէ Հուէի Եկեղեցական գաւառը ուր հանդիպում պիտի ունենայ Աւագ Նորընծայարանի սաներուն հետ ու անոնց մասնակցութեամբ պիտի մատուցէ սուրբ պատարագ։

Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր, Վատիկան չվերադարձած պիտի այցելէ նաեւ Հօ Քի Մին Սիթիի թեմը ուր պիտի հանդիպի Վիեթնամի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն հետ այդ թեմէն ներս եւս մատուցելով Սուրբ Պատարագ` «Նոթր Տամ» աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

Վատիկանի դիւանագէտը Վիեթնամ այցելութիւնը կ՛աւարտէ Կիրակի 14 ապրիլին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/04/2024, 10:55