Որոնել

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը երիտասարդներուն հետ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը երիտասարդներուն հետ 

Երիտասարդները Սուրբ Պետրոսի հրապարակ կը վերադառնան Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի հետ առաջին հանդիպումին 40 ամեակի առթիւ։

Սուրբ Լորէնցօ երիտասարդաց միջազգային կեդրոնը կը հրաւիրէ մասնակցելու 13 եւ 14 ապրիլին հանդիսութիւններու, յիշելու համար 14 ապրիլ 1984ին,Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի հետ երիտասարդներուն պատմական հանդիպումը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

13էն 14 ապրիլ 2024ին, պիտի նշուի, 14 ապրիլ 1984ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին հրաւէրով Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակը կայացած երիտասարդներու առաջին հանդիպումի 40 ամեակը։

Երկօրեայ հանդիսութիւնները կազմակերպած են Սան Լորէնցօ երիտասարդական միջազգային կեդրոնը ու հովանաւորած աշխարականներու, ընտանիքի եւ կեանքի համար վերատեսչութիւնը եւ երիտասարդներու համար Յովհաննէս Պօղոս Բ հիմնարկը։

Շաբաթ 13 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6ին, նախատեսուած է Սուրբ Պետրոսի հրապարակէն մինչեւ Սան Լորենցօ Երիտասարդներուն կեդրոնը թափօր՝ Երիտասարդաց Խաչով։ Թափօրին աւարտին, ժամը 7ին, կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ գլխաւորութեամբ Կրթութեան եւ մշակոյթի վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մէնտոնքային, ապա աղօթքի հսկում եւ Խաչի պաշտամունք։

Հանդիսութիւններուն երկրորդ օրը՝ կիրակի 14 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6,15ին, Սան Լորենցօ կեդրոնին մէջ նախատեսուած է Սուրբ Պատարագ, նախագահութեամբ Կղերի վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Լազարուս Եու Էունկ Սիքը։ Պատարագէն ետք վկայութիւններու փոխանակում։

Երիտասարդներու համաշխարհային առաջին հանդիպումը

14 ապրիլ 1984՝ երիտասարդներու պատմական հանդիպումի թուականը մտածուած էր, որպէս Երիտասարդաց միջազգային յոբելեան, ի տես Յիսուսի Յարութեան 1950րդ ամեակին առթիւ, Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին կողմէ յայտարարուած, Փրկագործութեան Սուրբ Տարուան, որ տեղի ունեցաւ 25 մարտ 1983էն մինչեւ 22 ապրիլ 1984 ու այս առթիւ աշխարհի չորս ծագերէն աւելի քան 300000 երիտասարդներ հռոմ հասան ու հիւրասիրուեցան շուրջ վեց հազաար Հռոմէացի ընտանիքներուն մօտ։

15 ապրիլ 1984ին, Ծաղկազարդի տօնին օրը Վոթիլա Պապը եզրափակեց երիտասարդաց յոբելեանը, հրեշտակ Տեառն աղօթքի ընթացքին, ապա 22 ապրիլին, Զատիկին, երիտասարդներուն յանձնեց փայտէ խաչ մը, խորհրդանշելու համար «Մարդկութեան նկատմամբ Յիսուսի սէրը  եւ այն աւետումը, որ միայն մեռած ապա Յարութեան առած Քրիստոսի մէջ կայ փրկութիւն»։

Այդ օրուանէ Երիտսարդաց խաչը դարձաւ յաջորդ երիտասարդներու համաշխարհային օրերուն խորհրդանշան։ 2003 թուականէն, խաչին աւելցաւ «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սրբապատկերը, զոր շնորհեց նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ։ Երկու խորհրդանշանները պահպանուած են Սան Լորէնցօ երիտասարդներու միջազգային կեդրոնին մէջ եւ ուխտագնացութեամբ փոխադրուած են, ողջ աշխարհի կաթողիկէ թեմերը, ի տես երիտասարդներու միջազգայինն օրերուն։


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2024, 11:09