Որոնել

2024.04.04 Վատիկանի Մամլոյ սրահին մէջ ներկայացուեցաւ «Յոբելեանը մշակոյթ է» ծրագիրը 2024.04.04 Վատիկանի Մամլոյ սրահին մէջ ներկայացուեցաւ «Յոբելեանը մշակոյթ է» ծրագիրը 

Յոբելեանը մշակոյթ է․ 2025ի Սուրբ Տարուան ընդառաջ համերգներ, շարժանկարներ, ցուցահանդէսներ

4 Ապրիլին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ սրահին մէջ Աւետարանութեան Վերատեսչութեան կողմէ ներկայացուեցաւ յոբելինական ծրագիրը, որը պաշտօնապէս պիտի հրապարակուի 9 Մայիսին։ Բոլոր նախաձեռնութիւններն անվճար են։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

2025ի Յոբելինական Սուրբ Տարուայ առթիւ նախապատրաստական ​աշխատանքներուն մեկնարկը տրուեցաւ «Յոբելեանը մշակոյթ է» ծրագիրով։ Ողջ 2025ին, որոշ պարագաներուն անգամ 2024ին տեղի պիտի ունենան մշակութային միջոցառումներ, որոնք հասանելի ու անվճար են բոլորի համար։ Ծրագիրը ներկայացուեցաւ 4 Ապրիլ 2024ին Վատիկանի Մամլոյ սրահին մէջ՝ Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլայի, Հայր Ալեսսիօ Ճերեթթիի եւ Գերապայծառ Տարիօ Վիկանոյի կողմէ։

Համերգներ

Ըլլալ «նոր վերածնունդի նշան, որուն հրատապութիւնը մենք բոլորս կը զգանք»․ յոյսով, որ Յոբելեանի մշակութային նախաձեռնութիւնները իրականութիւն կը դարձնեն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին այս ցանկութիւնը։ Այս բառերով Աւետարանութեան Վերատեսչութեան համա-վերատեսուչ Գերապ. Ռինօ Ֆիզիքելլան, սկսաւ լուսաբանել առաջիկայ 9 մայիսին հրապարակուելիք բոլոր միջոցառումներուն մանրամասները։

Յատուկէն շեշտելով, որ «բոլորի համար մուտքը միշտ ազատ պիտի ըլլայ», քանզի «մշակոյթն անգին է», Գերապայծառը թուարկեց գալիք ամիսներուն նախատեսուող համերգները․

- 28 Ապրիլ՝ Սանթ Ինիացիօ տի Լոյոլայի Եկեղեցիին մէջ պիտի հնչի Հենտելի յայտնի «Messiah»ն ամբողջութեամբ,

- 3 Նոյեմբեր՝ Քոնչիլիացիոնէ Դահլիճէն ներս Սանթա Չեչիլիա Կաճառի նուագախումբը պիտի կատարէ Տիմիթրի Շոստաքովիչի հինգերորդ սիմֆոնիան

- 22 Դեկտեմբեր՝ կրկին Սանթ Ինիացիօ տի Լոյոլայի եկեղեցիին մէջ, միջազգայնօրէն ճանաչուած «Քափելլա Սիսթինա» երգչախումբը պիտի կատարէ Փալեսթրինայի, Փերոզիի եւ Պարթոլուչիի տարբեր բազմաձայն ստեղծագործութիւնները:

Սրբապատկերներու ցուցահանդէս՝ խաղաղութեան պատգամի համար

Այնուհետեւ խօսք առաւ Աւետարանութեան Վերատեսչութեան արտաքին համագործակից Հայր Ալեսսիօ Չերեթթին եւ լուսաբանեց սրբապատկերներու ցուցահանդէսը, որ նախատեսուած է 2024 թուականի աւարտին Հռոմի կեդրոնին մէջ գտնուող Ակոնի Սանթ Անյեզէ Եկեղեցիէն ներս։ Պիտի ցուցադրուին ռուսական, ուքրանական եւ սուրիական աւանդոյթներուն պատկանող առնուազն քսան գործեր՝ Աւետարանութեան Վերատեսչութեան եւ Վատիկանի թանգարաններու յատուկ համագործակցութեամբ։

Պատահական չեն նաեւ երկու աշխարհահռչակ նկարիչներ Սալվաթոր Տալիի եւ Մարք Շակալի պատկերներու ցուցադրութիւնները, որոնց ցուցադրութիւնը նախատեսուած է համապատասխանաբար 2024 Նոյեմբեր-2025 Յունուարին եւ 2024 ամռանը։

Մասնաւորապէս Սալվաթոր Տալին, ըստ Հայր Ճերեթթիին, որ նկարած է բազմաթիւ քրիստոնէական նիւթեր, «իրականութեան մէջ սովորական կաթողիկէ չէ»։ Ան իր կեանքի ճամբորդութեան ընթացքին մաքրուած է թերահաւատ եւ «նիհիլիսթական»​​գաղափարախօսութիւններէ։

Մինչդեռ Մարք Շակալը, ծագումով հրեայ, զարգացուցած է առօրեայ կեանքի խորհրդականութիւնը եւ կը ներշնչուէր Սուրբ Գիրքէն։ «Թերեւս այն քիչերէն մին է հրէական աշխարհէն, որ բացայայտօրէն ճանչցաւ Քրիստոսի հմայքը եւ որ մեզի կ’առաջարկէ ըմբռնելու կարեւոր բանալի` նեաւ այսօրուան համար», յարեց Աւետարանութեան Վերատեսչութեան արտաքին համագործակիցը։

Շարժանկարներու փառատօն

Իր հերթին, Քահանայապետական Գիտութիւններու Կաճառի եւ Քահանայապետական Ընկերային Գիտութիւններու Կաճառի փոխ ատենապետ Գերապայծառ Տարիօ Էտուարտօ Վիկանոն ներկայացուց «Յոյսի դէմքերն ու հակա դէմքերը» կինոփառատօնը, որ պիտի բացուի 14 Ապրիլին Հռոմի «Cinema delle Province»ին մէջ ՝ «La porta del cielo – Դրախտի դուռը» ֆիլմով (Վիթթորիօ Տե Սիքա և Չեզարէ Զավաթթինի, 1945)։ Նկարահանուած է 1944 թուականի Մարտ-Յունիս ամիսներուն, երբ Հռոմը կը գտնուէր նացիֆաշիստական ​​պաշարման մէջ։ Իտալիոյ մայրաքաղաքին մէջ նկարահանումները տեղի ունեցած են Սան Փաոլօ Ֆուորի Լէ Մուրա Պազիլիքայէն ներս, որուն իր մասնակցութիւնը ունեցած է ապագայ Պօղոս Զ Քահանայապետը, որ այդ ժամանակ կը զբաղեցնէր Պետքարտուղարի տեղակալի պաշտօնը։

Գերապայծառ Վիկանոն թուարկած է ապա Յոբելեանի համար ընտրուած միւս շարժանկարները (ցանկին եւ մանրամասն տեղեկութիւններուն հնարաւոր է ծանօթանալ՝ www.cnvf.it կայքէջին մէջ), անոնց շարքին՝

«On life» (Ճեյմս Հոուս, 2023), «La chimera» (Ալիս Ռորուաքեր, 2023), «Perfect Days» (Վիմ Վենտերս, 2023)։ Փառատօնը պիտի փակուի Քուրցիօ Մալափարթեի «Cristo prohibito – Արգիլուած Քրիստոս» (1951) շարժանկարով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/04/2024, 12:17