Որոնել

Երիտասարդներուն թափօրը Խաչին հետ  40 տարիներ առաջ՝ Սրբազան Քահանայապետին հետ Սուրբ Պետրոսի Հրապարակին վրայ կայացած առաջին հաւաքի ընթացքին  (14 Ապրիլ 1984) Երիտասարդներուն թափօրը Խաչին հետ 40 տարիներ առաջ՝ Սրբազան Քահանայապետին հետ Սուրբ Պետրոսի Հրապարակին վրայ կայացած առաջին հաւաքի ընթացքին (14 Ապրիլ 1984) 

Կարդինալ Տէ Մենտոնսա․ Շնորհակալութիւն Տիրոջ՝ Երիտասարդներու համաշխարհային առաջին Օրուան ներշնչումին համար

Քառասուն տարիներ առաջ՝ 1984 թուականի 14 Ապրիլին, Սուրբ Պետրոսին հրապարակը հիւրընկալեց երիտասարդներու առաջին հաւաքը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սրբազան Քահանայապետին հետ, որով սկիզբը դրուեցաւ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերուն: 13 Ապրիլին Հռոմի Սան Լորենցօ թաղամասին մէջ այդ յոբելեանը նշուեցաւ Սուրբ Պատարագով՝ նախագահութեամբ Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչին։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Քառասուն տարիներ անցած են 1984 թուականի 14 Ապրիլէն, երբ Սուրբ Պետրոսին հրապարակին մէջ, Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին հետ, կայացաւ Երիտասարդներու առաջին հաւաքը։

Ճիշտ այդ իրադարձութիւնն էր, որ սկիզբը դարձաւ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերուն՝ այսպէս կոչուած, ԵՀՕ-ներուն։ Ներկայիս այն միջազգային մեծ իրադարձութիւն է, որուն ընթացքին բոլոր ցամաքամասերու տղաներն ու աղջիկները կը համախմբուին Սրբազան Պապի շուրջը աշխարհի տարբեր քաղաքի մը մէջ: Վերջին հաւաքը տեղի ունեցաւ Լիզպոնի մէջ 2023 թուականի օգոստոսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ, մինչդեռ յաջորդը կը նախատեսուի Սէուլի մէջ (Հարաւային Քորէա) 2027 թուականին, որուն պիտի նախորդէ Երիտասարդութեան յոբելեանը 2025 թուականին Հռոմին մէջ:

Պատարագ Սան Լորենցօ կեդրոնին մէջ

Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցած այդ առաջին հաւաքի տարեդարձը նշելու համար Հռոմի Սան Լորենցօ կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ պատարագ՝ նախագահութեամբ Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մենտոնսային, որ իր քարոզին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Տիրոջը «այն մեծ ներշնչումին համար, որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ ունեցած է՝ հրաւիրելով առաջին ԵՀՕն»։

ԵՀՕներու ընթացքին ողջ աշխարհէն երիտասարդները շօշափելի կերպով կը զգան հաւատացեալ ըլլալու, մարդկային եղբայրութիւնը գիտակցելու ուրախութիւնը, իրար զիրար գրկելու, միասին աղօթելու եւ երկրպագելու, ունկնդրելու, ծիծաղելու, լալու, Եկեղեցւոյ այս փորձառութիւնը գանձ դարձնելու բերկրանքը: «Քրիստոս մեզի հանդիսատես չ’ուզեր, մեզի վկաներ կ’ուզէ», յարեց Կարդինալը՝ յիշեցնելով բոլոր երիտասարդներուն ուղղուած Յիսուսին հրաւէրը. «Եկէ՛ք, շօշափէ՛ք, տեսէ՛ք, կերէ՛ք»։ Այս է, որ մեզ կը դարձնէ միսիոներական, դէպի դուրս ելլող Եկեղեցի», պնդեց ան։

«Չի կայնիլ պատշգամին»

Ծիրանաւորը այնուհետեւ մէջբերեց Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերը, որ երիտասարդներուն ոգեւորելու համար խրախուսած էր չդիտել պատմութիւնը պատշգամին կայնած, այլ կայնիլ պատմութեան մէջ աղմկելով, որ «ոչ թէ պարզապէս գոռուգոչում, այլ՝ բարի լուր է» : Կարդինալը յիշատակեց նաեւ Յովհաննէս Պօղոս Բի խօսքերը՝ «երիտասարդներն այլ երիտասարդներու առաջին աւետարանիչներն են» եւ դիմեց ուղղակիօրէն անոնց․ «Քրիստոս իր յոյսը ձեր վրայ կը դնէ՝ վէրքերը բուժելու համար: Յիսուս իր յոյսը ձեր վրայ կը դնէ ՝ նոր հորիզոններ բանալու համար: Քրիստոս իր յոյսը ձեր վրայ կը դնէ, որպէսզի կառուցէք` ոչ թէ մահուան մշակոյթ, այլ կեանքի մշակոյթ»։ Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը աւարտեց քարոզը հրաւիրելով հայեացքը յառել դէպի Տիրամայր, որ «ներկայ է իւրաքանչիւր ԵՀՕին» եւ «յղման կէտ է, որ կ’օգնէ մեզի նայելու Քրիստոսին»։

Նշենք թէ՝ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը յատկանշող Խաչը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը, 40 տարիներ առաջ, յանձնած էր երիտասարդներուն ու անոնցմէ խնդրած էր զայն տանիլ ամենուրէք որպէս նշան Քրիստոսի Սիրոյն հանդէպ մարդկութեան։ 2000-ի Յոբելենական Տարւոյն առթիւ, նոյն Քահանայապետը որոշած էր Որդոյն միացնել նաեւ Մայրը, ու, Հռոմի մէջ տօնախմբուած ԵՀՕին առթիւ, որ կազմակերպուած էր Թոր Վերկաթա թաղամասին մէջ, երիտասարդները Խաչին կից տեսան նաեւ «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի - Հռոմի Ժողովուրդի փրկութիւն» Տիրամօր Սրբապատկերը։ Անկէ ետք Խաչին հետ միասին, Սուրբ Մարիամի Սրբապատկերը կ’ընկերանայ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2024, 12:21