Որոնել

Ռատիօ Վատիկանի շէնքը Ռատիօ Վատիկանի շէնքը 

«Քաննատա»ն դարձաւ Վատիկան Նիուզի 53րդ լեզուն

Այսօրուընէ Հնդկաստանի Քարնաթաքա նահանգին պաշտօնական լեզուն կ’աւելնայ Վատիկան Նիուզի լեզուներուն։ Խօսիլ 35 միլիոն հնդիկներու լեզուով, կը նշանակէ յարգանքի տուրք մատուցել անոնց մշակոյթին. Փաոլօ Ռուֆֆինի։

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Քաննատա լեզուն դարձաւ «Ռատիօ Վատիկան - Վատիկան Նիուզի» 53րդ լեզուն: Այսօրուընէ՝ 2 Ապրիլ 2024էն, հնարաւոր է Վատիկան Մետիայի կայքէջի մէջ զետեղուող լուրերը կարդալ նաեւ այդ լեզուով, ինչը արդիւնք է Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան եւ Հնդկաստանի Քարնաթաքա նահանգի Պանկալորի Արքեպիսկոպոսութեան միջեւ համագործակցութեան:

Քարնաթաքա ​​նահանգը, կը գտնուի Հնդկաստանի հարաւ-արեւմուտք, ան կարեւոր արդիւնաբերական եւ արհեստագիտական կեդրոն է՝ աւելի քան 61 միլիոն բնակչութեամբ, ուր հիմնական խօսակցական լեզուները քաննատա եւ անգլերէնն են։ Նահանգի վարչական կեդրոնը Պենկալուրուն է (երբեմնի Պանկալորը), որ Հնդկաստանի բնակչութեան թիւով երրորդ ամենամեծ քաղաքն է։

Տեղական Եկեղեցին առ աւելիով կը մօտենայ ժողովուրդին

Պանկալորի Արքեպիսկոպոս Փիթեր Մաչատոն համոզուած է, որ Քահանայապետի, Վատիկանի, տիեզերական Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի մասին նորութիւնները մեծ հետաքրքրութիւն եւ նշանակութիւն պիտի ունենան Քարնաթաքայի տեղական Եկեղեցւոյ համար՝ այն առ աւելիով մօտեցնելով ժողովուրդի հետ: Արքեպիսկոպոսն իր շնորհակալութիւնը յայտնեց «սիրելի Սրբազան Հօրը՝ Ֆրանչիսկոս Պապին, սիւնհոդոսականութիւնը մշտապէս շեշտելու եւ Եկեղեցին ծայրամասեր հասցնելու համար»։

Միասին քալելու միջոց

Վատիկան Նիուզի լեզուական ընտանիքին միացած այս լեզուն, ըստ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Փաոլօ Ռուֆֆինիի, հինաւուրց է, բայց եւ այնպէս՝ կենդանի: «Կենդանի ինչպէս կաթողիկէ համայնքը, որ կ՚օգնէ մեզ այս փոքրիկ, բայց մեծ ձեռնարկներէն ներս. Խօսիլ 35 միլիոն հնդիկներու լեզուով, կը նշանակէ յարգանքի տուրք մատուցել անոնց մշակոյթին: (…) Միասին քալելու միջոց մըն է», ընդգծեց Ռուֆֆինին։

«Քաննատա լեզուն Ռատիօ Վատիկան - Վատիկան Նիուզի արդեն գոյութիւն ունեցող 52 լեզուներուն աւելցնելու ընտրութիւնը՝ Սրբազան Պապի խօսքը միլիոնաւոր հնդիկներուն իրենց մայրենի լեզուով հասցնելու համար, կը հաստատէ Հռոմի Եպիսկոպոսին եւ տիեզերական Եկեղեցիին մաս կազմող եկեղեցիներուն ծառայելու մեր կոչումը», նշեց Վատիկանի Լրատուամիջոցներու Խմբագրական Տնօրէն Անտրէա Թորնիելլին:

Քաննատա լեզուն՝ կենսունակութեան եւ եղբայրութեան յաւելեալ օրինակ

«Հրաշալի է Եկեղեցիի շունչը. 93 տարիներ առաջ Պիոս ԺԱ Պապը Կուլիելմօ Մարքոնիին յանձնարարեց կառուցել Վատիկանի Ռատիոն՝ աշխարհին յոյս բերելու, քրիստոնէական պատգամը տարածելու, Քրիստոսի եկեղեցին կառուցելու համար։ 90ականներուն Քահանայապետի ռատիոյի ալիքները հասան Վիեթնամ եւ այդ Աւետումը ծնաւ «ձայնասփիւռային քրիստոնեաներ»ու՝ մէկ նոր կենդանի Եկեղեցի: Այսօր նոր արհեստագիտութիւնները (ալիքներ, արբանեակներ, համացանց) մեզի բազմաթիւ հնարաւորութիւններ կու տան՝ Բարի Լուրը յաճախ վիրաւոր աշխարհ բերելու համար: Քաննատա լեզուն կենսունակութեան եւ եղբայրութեան յաւելեալ օրինակ է, եւ մեր յոյսն է շարունակել հիւսել այս ուղիները պատասխանատուութեան եւ միասնութեան մէջ»: Այս միտքը ի վերջոյ ընդգծեց Վատիկանի Ռատիոյի Խմբագրութիւններու համադրող Մասսիմիլիանօ Մենիքեթթին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2024, 10:00