Որոնել

Արք Կալլակեր Փանամայի մէջ Արք Կալլակեր Փանամայի մէջ  ((foto X - @TerzaLoggia))

Արք. Կալլակեր Փանամայի մէջ կ՝այցելէ «Տարիէն»ի մէջ գտնուող գաղթականներու կեդրոնը

Արք Կալլակեր Փանամային մէջ իր այցելութեան առաջին օրը այցելեց Մեքսիքոյէն եւ Կեդրոնական Ամերիկայէն գաղթող Քոլոմպիայի եւ Փանամայի սահմանը գտնուող Տարիէն մարզը ուր՝ Լայաս Պլանքաս գաղթականներու կեդրոնին մէջ ընդունուած են բազմաթիւ վերապրողները, որոնց վերջերս Քահանայապետը յղած է յուզիչ պատգամ մը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի եւ Փանամայի միջեւ դիւանագիտական կապերու հաստատման առաջին դարադարձին առիթով, Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր ընդառաջելով Փանամայի արտաքին գործոց նախարար, տիար Ժանայնա Թէվանէյ Մենքոմոյին հրաւէրին, մէկ ապրիլին ժամանեց Փանամա, ուր պիտի մնայ մինչեւ հինգշաբթի 4 ապրիլ։

Այցելութեան առաջին օրը Արք Կալլակեր, ընկերակցութեամբ արտաքին գործոց նախարարին այցելեց Քոլոմպիայի եւ Փանամայի սահմանը գտնուող Տարիէն մարզը, որ դարձած է առանցքային ուղի մը՝ բոլոր գաղթականներու համար որոնք հարաւային Ամերիկայէն, Կեդրոնական Ամերիկայէն եւ Մեքսիքոյէն կը գաղթեն Ամերիկա։

«Տարիէն» մարզի վայրի անտարներուն մէջ Ամերիկա փախչելու համար մահացած են Հազարաւոր այր մարդիկ, կիներ եւ երեխաներ մինչ Լայաս Պլանքաս գաղթականներու կեդրոնին մէջ կ՝ընդուին վերապրողները, որոնց անցեալ 21 մարտին ֆրանչիսկոս Պապ յղած էր յուզիչ պատգամ մը։

Արք Կալլակեր Փանամայի մէջ իր առաջին այցելութիւնը կատարեց Լայաս Պլանքասի մէջ գտնուող գաղթականներուն կեդրոնը, ապա հանդիպեցաւ Առաքելական փոխանորդութեան հովուական ծառայութեան գործիչներու հետ, ինչպէս նաեւ Սէնաֆրոնթի ազգային սահմանային ծառայութեան ղեկավարութեան հետ։

3 ապրիլին, Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր հանդիպում ունեցաւ Փանամայի նախագահ, Լորէնթինօ Քորթիզօ Քոհէնի հետ, ապա այցելեց Սրբուհի Մարիամ Լա Անթիկու Կաթողիկէ համալսարանը, ուր դասախօսելու համար։

Իսկ՝ 4 ապրիլին, Սուրբ Աթոռի պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար, արք Կալլակեր կը հանդիպի կաթողիկէ հասարակութեան հետ, ապա Փանամայի մայրաքաղաքին մայր տաճարին մէջ կը մատուցանէ Սուրբ Պատարագ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/04/2024, 11:22