Արք Կալլակեր Վիեթնամի մէջ հանդիպեցաւ Վիեթնամի վարչապետին հետ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար, Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Վիեթնամ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին հանդիպեցաւ Վիեթնամի կառավարութեան որոշ ներկայացուցիչներու հետ, որոնց շարքին Վիեթնամի հանրապետութեան վարչապետ, Տիար Phạm Minh Chính, արտաքին գործոց նախարար, Bùi Thanh Sơn եւ ներքին գործոց նախարար, տիկին Phạm Thị Thanh Trà։
հանդիպումները տեղի ունեցան սիրալիր մթնոլորտի մէջ։ Վիեթնամի վարչապետը հաստատեց, որ Վիեթնամի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ կապերը դրական են՝ ամրապնդուած անցեալ յուլիսին, քահանայապետական ներկայացուցիչի համաձայնագիրով, համաձայնագիր սահմանուած որպէս երկու կողմերու միջեւ պատմութեան կարեւոր հանգրուան։
Վարչապետը ընդգծեց, որ Վիեթնամը միջբազմակրօն երկիր է՝ 27 միլիոն հաւատացեալներով, որ հաւասար է բնակչութեան 27 տոկոսին, արագ աճող կաթաղիկէ համայնքով, աւելի քան 7,2 Միլիոն հաւատացեալներով։
Գերապայծառ Կալլակեր իր կողմէ գոհունակութիւն յայտնեց երկու կողմերուն միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւններուն համար մաղթելով, որ մօտիկ ապագային գումարուի Սուրբ Աթոռի եւ Վիեթնամի համատեղ աշխատանքային խումբի յաջորդ 11-րդ հանդիպումը։ Բանակցութիւններու ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Վիեթնամ այցելութեան մասին։
Նշենք, թէ նախատեսուած է որ գերապայծառ Կալլակեր Սուրբ Պատարագ մատուցէ, Հանոյի Սուրբ Յովսէփի տաճարին մը ու հանդիպի Հուէի դպրեվանքի աշակերտներուն հետ, ապա դարձեալ պատարագ մատուցանէ Նոթր Տամ Տաճարին մէջ, ի վերջոյ հանդիպի Վիեթնամի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամներուն։
Յիշենք, թէ Սուրբ Աթոռի եւ Վիեթնամի միջեւ յարաբերութիւնները ընդհատուած էին 1975ին, սակայն 1990-էն արձանագրուած են յուսադրող զարգացումներ։ 2011ին, Պենետիկտոս ԺԶ Պապը անուանենց առանց նստավայրի քահանայպետական ներկայացուցիչ։ Անցեալ դեկտեմբերի,ն Ֆրանչիսկոս Պապ անուանեց Լեհ, Մարէք Զալեվքին Պապական նուիրակը Վիեթնամի մէջ նստավայրով քահանայապետական ներկայացուցիչ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ