Որոնել

Անտառներ Անտառներ 

Արք Քաչիա. Պաշտպանենք անտառները, անոնցմէ կախեալ են միլիոններով անձերու կեանքը

Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ Արք Քաչիայի ելոյթը. Ֆրանչիսկոս Պապին մատնանշած համապարփակ բնապահպանութիւնը ճանապարհն է միասին պաշտպանելու բնահամակարգերն ու համայնքները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուած 19-րդ ընդհանուր նիստի ընթացքին՝ նուիրուած անտառներուն, ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿ-ի մօտ սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ, արքեպ Կապրիէլr Քաչիա։ Ելոյթին մէջ արքեպիսկոպոսը նշեց5 որ «Անտառները mիաժամանակ կենսական բնահամակարգեր են, ապրուստի եւ բարեկեցութեան աղբիւրներ եւ կենսաբազմազանութեան ջրամբարներ։

Յղում կատարելով Ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականին մէջ նշած Համապարփակ բնապահպանութեան գաղափարին, գերապայծառ Քաչիա ընդգծեց, թէ ինչպէս անտառները միեւնոյն ժամանակ «կայուն զարգացման շարժիչներ են, քանի որ անոնք կ՝ապահովուեն ապրուստի միջոցներ, մաքուր ջուր եւ կլիմայի կարգաւորում աշխարհի մէջ միլիոններով մարդոց համար»։

Արք Քաչիայ էական նկատեց, որ այս առումով բոլոր գործողութիւնները «ուղղուած ըլլան, անոնցմէ կախուած բնակչութեան համապարփակ զարգացան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2024, 13:28