Կարդինալ Փարոլին` Ափրիկէն կարող է յաջողիլ բայց կարիքը ունի «անկեղծ բարեկամներու»
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ափրիկէի 61րդ Օրուան առիթով Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը` երկուշաբթի 27 Մայիսի յետմիջօրէին, Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարէն ներս մատուցեց Սուրբ Պատարագ որուն աւարտին Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցի մը առիթով նշեց թէ իրեն համար այդ եղաւ ուրախութեան պահ մը ու անձնական ներգրաւում։
Պատարագին մասնակցեցան Ափրիկեան Ցամաքամասի այն երկիրներուն դեսպանները որոնք հաւատարմագրուած են Սուրբ Աթոռի մօտ ինչպէս նաեւ այլ երկիներու դիւանագիտական ներկայացուցիչները, ափրիկեցի կղերականներ ու այլ միջազգային հաստատութիւններու մօտ գործող անձնաւորութիւնները։
Պատարագը մատուեցաւ ի յիշատակ Սուրբ Աթոռի մօտ առաջին ափրիկեցի պազիլիքայի դամբարանին մէջ 1608 թուականի Յունուարին։
Պետքարտուղարը Վատիկանի լրատուամիջոցներուն նշեց նաեւ թէ «Ցամաքամասը ունի մարտահրաւէրները դիմակայելու հնարաւորութիւն և միջոցներ, բայց «պէտք է առաջին տեղ դնենք մարդիկը եւ անոնց բարեկեցութիւնը: Եթէ առաջնահերթութիւն կը տրուի այլ նիւթական շահերու, ապա, անշուշտ, մարդիկը կ՛անտեսուին եւ խաղաղութիւն ունենալու հնարաւորութիւն չկայ»։
«Ես աւելցուց Կարդինալ Փարոլինը կը հաւատամ, որ Ափրիկէն առանձին կարող է յաջողիլ, ունի ուժը, ունի միջոցները, ու ամէն տեսակ հարստութիւն, բայց կարիքը ունի նաեւ միջազգային հասարակութեան անկեղծ բարեկամներուն, որ աշխատին ժողովուրդներու, մարդոց ու խաղաղութեան համար, Երկրին հաշտութեան ու զարգացումին համար»։ Ան ապա հաւաստիացուց այս ուղղութեամբ Սուրբ Աթոռին օգնութիւնն ու աջակցութիւնը Ափրիկեան ցամաքամասին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ