Որոնել

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ մարզանքի նուիրուած միջազգային համագումարի ներկայացում Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ մարզանքի նուիրուած միջազգային համագումարի ներկայացում 

Կարդինալ Տէ Մենտոնքա. Պառակտուած աշխարհի մէջ ողիմպիական մարզանքը եղբայրութեան արժէք է

Մարզանքի եւ հոգեւորութեան նուիրուած միջազգային համագումար Հռոմի մէջ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հռոմի մէջ 16էն 18 մայիսին, տեղի պիտի ունենայ մարզանքի նուիրուած համագումար, կազմակերպութեամբ Կրթութեան եւ մշակոյթի վերատեսչութեան եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատան։

Ֆրանսացիներուն «Սուրբ Լուիճի» անուան դահլիճէն ներս կայանայիք «Խաղի մէջ դնել կեանքը» վերնագիրով համագումարի ներկայացումը տեղի ունեցաւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ, մամլոյ ասուիսին ընթացքին, որուն ելոյթ ունեցաւ նաեւ Կրթութեան, մշակոյթին վերատեսչութեան վերատեսուչ, Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մէնտոնքա։

Ելոյթին մէջ ծիրանաւորը նշեց, որ մարզանքի եւ հոգեւորութեան միջազգային համաժողովին նպատակն է դիտարկել մարզանքը, հասկնալ ինչու այդքան ժողովրդային է, գնահատել անոր կարեւորութիւնը՝ աւելի եղբայրական, հանդուրժող եւ արդար հասարակութիւն կառուցելու համար եւ հասկնալ ինչ ձեւով Աստուած կը յայտնուի այդ շրջանակէն ներս։

Ելոյթին մէջ կարդինալը յիշեցուց, որ Ֆրանչիսկոս Պապ բազմիցս անգամ սահմանած է մարզանքի հանդէպ հաւատարմութիւնը, որպէս սրբութեան ձգտումին կոչ եւ քահանայապետը Gazzetta dello Sport օրաթերթի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ պէտք է մարզանք համարել՝ ամէն օր Աստուծոյ հարց տալը, թէ ինչ կ՝ուզես որ կատարեմ կամ ինչ կ՝ուզես կեանքիս մէջ ու Յիսուսին հարցնել,  վարուիլ Անոր հետ, որպէս մարզիչի նման։

Ինչ կը վերաբերի մարզանքի եւ Քրիստոնէութեան միջեւ կապին, ծիրանաւորը նկատել տուաւ, որ ողիմպիական «աւելի բարձր, աւելի ուժեղ, աւելի զօրաւոր» կարգախօսը ներդուած է հարիւր տարի առաջ՝ 1924ին, Փարիզի մէջ ողիմպիական խաղերու համար եւ ստեղծուած է Տոմենիկեան Եղբայր Հենրի Տիտոնի կողմէ, յետոյ առաջարկուած է ողիմպիական խաղերու հիմնադիր Փիեր Տէ Լուպերթիին։

«Եկեղեցին չփափաքիր վերահսկել մարզանքը կամ ստեղծել այլ ընտրանքային մարզանք մը, այլ մարդկայնացնել մարզանքի քրիստոնէական տեսլականի միջոցաւ»աւելուց կարդինալը հաստատելով, որ «սա մարզական սիւնդոական գեղեցիկ վարժութիւն է»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2024, 11:31