Վատիկան․ Երիտասարդները դէպի Սինոդ, Յոբելեան եւ ԵՀՕ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Երեք նշանակալից իրադարձութիւններու «խաչմերուկ»՝ երիտասարդներու աւետարանումին համար. այսպէս սահմանեց Երիտասարդութեան ի նպաստ «Հովուական Ծառայութեան Միջազգային Համագումարը» Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Քեւին Ժոզէֆ Ֆարրելը, որ սկիզբ առաւ հինգշաբթի Մայիս 23ի առաւօտեան, «Il Carmelo» հիւրընկալութեան տան մէջ, Հռոմին մօտ գտնուող Չամփինօ քաղաքին մէջ։
Համագումարը, որ ներգրաւած է շուրջ 300 պատուիրակներ 110 երկիրներէն պիտի տեւէ մինչեւ շաբաթ 25 Մայիս եւ պիտի աւարտի Սրբազան Քահանայապետին հետ հանդիպումով, որ նախատեսուած է առաւօտեան, իսկ յետմիջօրէին բաց երկխօսութիւն Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղարութեան հետ՝ մասնակցութեամբ վերոնշեալ Վերատեսչութեան ենթաքարտուղար Քոյր Նաթալի Պեքարին:
- 2018 թուականին Երիտասարդներուն նուիրուած Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը, որմէ ներշնչուած Ֆրանչիսկոս Պապը գրեց «Christus vivit » առաքելական յորդորագիրը
- Երիտասարդութեան համաշխարհային Օրերը՝ 2023ին, որ կայացաւ Լիզպոնի մէջ եւ որ 2027ին պիտի կայանայ Սէուլի մէջ։
- 2025ի Յուլիս 28էն Օգոստոս 3ը Երիտասարդներու Յոբելեանը, որոնց Սրբազան Քահանայապետը յորդորած է ըլլալ «յոյսի ուխտաւորներ»
Ասոնք են Կարդինալ Ֆարրելի կողմէ ակնարկուած երեք հանդիպումները, որոնք կազմեցին նաեւ Ծիրանաւորի ողջոյնի խօսքին առանցքը զոր ուղղեց Համագումարի մասնակիցներուն։
Կարդինալը իր խորհրդածութիւնը սկսաւ անդրադառնալով 2018ի Սինոդէն ներս ունեցած «հոգևոր զատորոշումի լոյսի ներքոյ» ունկնդրելու փորձառութեան, եւ հիմնարար գնահատեց երիտասարդներուն ներդրումը ինչպէս «Christus vivit » յորդորագիրը կազմելու, այնպէս ալ աշխատելու եւ լսելու նոր ոճ ներմուծելու գործին մէջ, որ, ըստ Ծիրանաւորի, տարածուեցաւ ողջ Եկեղեցիին մէջ՝ նպաստելով սիւնհոդոսականութեան «արթնացումին»։
Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ շատ յաճախ առաջարկուող «հոգևոր զրոյցի» նիւթը խորացնելով, Կարդինալ Ֆարրելը շեշտեց, որ այդ մէկը «արժէքաւոր հնարաւորութիւն է՝ սորվելու մէկը միւսէն եւ հնարաւորութիւն կու տայ բացայայտելու նոր երիտասարդ առաջնորդներ, որոնք «կարող են ըլլալ նորոգութեան գլխաւոր հերոսները, «որպէսզի Եկեղեցին «ապաշրջափակուի» եւ նորէն երիտասարդանայ»։
Մեծապէս գնահատուեցաւ Աւետարանումի Վերատեսչութեան Համավերատեսուչ Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլայի ելոյթը։
Ներկայացնելով 2025 թուականի Երիտասարդներու Յոբելեանի նախապատրաստական աշխատանքները, ան նախ նշեց, որ Յոբելեանի ընթացքին վարդապետութիւն չի կատարուիր, քանի որ պատրաստութիւնը տեղի պիտի ունենայ նախորդ շրջանին համապատասխան թեմերուն մէջ՝ սեփական եպիսկոպոսներու, ծխական քահանաներու ու կրօնուսոյցներու հետ՝ «Հռոմ հասնելով արդեն հոգիով պատրաստուած»։
Արքեպիսկոպոսը խնդրեց ներկաներէն, որ ըլլան «ոչ միայն յոյսի աւետաբեր», այլեւ «ստեղծել յոյսի առարկայական նշաններ», ընդգծելով, որ դէպի երիտասարդներ յոբելենական ուղին կ’անցնի հաւատքը վերագտնելու եւ յոյսի ընդմէջէն՝ «որպէսզի երիտասարդները զգան աւետարանութեան պատասխանատուութիւնը»։
Ողջ աշխարհէն Հռոմ ժամանող ուխտաւորները պիտի ընդունուին երիտասարդ հռոմէացիներուն կողմէ, շաչունակեց խօսքը Գերապայծառ Ֆիզիքելլան, նկատել տալով, որ «Հռոմի թեմի Եպիսկոպոսը Սրբազան Քահանայապետն է եւ շատ հաճելի է, որ երիտասարդները պիտի կարողանան մասնակցիլ Անոր ներկայութեամբ իրենց նուիրուած յատուկ միջոցառումին», որ ըստ իրեն տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ՝ հնարաւոր դիտելով նաեւ Սան Ճովաննի Ին Լաթերանօ Քահանայապետական պազիլիքային յարակից հրապարակը։ Բացի այդ, նախատեսուած է ուխտագնացութիւն դէպի Հռոմի Քահանայապետական չորս Պազիլիքաներու սուրբ դռները, Ապաշխարութեան պատարագ՝ «Circօ Massimo» մարզադաշտի տարածքին, Սրբազան Քահանայապետի հետ հանդիպում «Tor Vergata» թաղամասին մէջ, ինչպէս եւ 25 տարիներ առաջ եղած է:
Երիտասարդներու Յոբելեանին մասնակցելու համար 18էն 30 տարեկան երիտասարդները պէտք է յայտ ներկայացնեն սեփական Եպիսկոպոսական ժողովներ՝ 2024ի Նոյեմբեր 24էն մինչև 2025ի Մարտ 31ը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ