Գերպ Կալլակեր. Սուրբ Աթոռը միշտ յառաջացուց «Խաղաղութեան քաջութին» առաքինութիւնը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
24էն 26 մայիսին, Լուրտի մէջ տեղի ունեցաւ զինուորական 64-րդ միջազգային ուխտագնացութիւնը, որուն բացման օրը , յետմիջօրէին տեղի ունեըցաւ «Աղաւնիի թռիչքը» վերնագիրով միջազգային դասախօսութիւն, մասնակցութեամբ բոլոր աշխարհէն ժամանած ռազմական, քաղաքացիական եւ կրօնական իշխանութիւններու։ Դասախօսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար, Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր։ Ելոյթին մէջ Վատիկանի դիւանագէտը ընդգծեց այն երեւոյթը, որ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութիւնը, խաղաղութեան, մարդկային անձին ծառայութեան եւ ողորմածութեան դիւանագիտութիւնն է»։
«Միջազգային ասպարէզէն ներս, Սուրբ Աթոռը միշտ յառաջացուց «խաղաղութեան քաջութիւն» առաքինութիւնը» յիշեց գերապայածառ Կալալկեր ցոյց տալով քահանայապետական դիւանագիտութեան առաջին տեսակէտը այն է Խաղաղութիւն հաստատելու համար աւելի քաջութիւն պէտք է քան պատերազմը, «վերջինը պարտութիւն է»։
Գերապայծառ Կալլակեր ապա դիտել տուաւ, որ երբեմն, ցաւօք սիրտի աշխարհաքաղաքական իրավիճակը այնքան լարուած ու բեւեռուած ըլլալով շատ դժուար է միտքին եւ սիրտին մէջ խաղաղութիւն հաստատելն ու սերմանելը, յատկապէս այն պատճառով, որ զէնք արտադրողները եւ հակամարտութիւնները հրահրողները ու արուեստագիտութեան յառաջընթացը կը նպաստեն պատերազմի վիթխարի ողբերգութեան՝ պաղ եւ անկողմնակալ մօտեցումին»։
Ինչ կը վերաբերի բազմակողմ դիւանագիտութեան, գերապայծառ Կալլակեր յոյս յայտնեց ՄԱԿ-ի վերանորոգման գծով. «Սա կը պահանջէ միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը եւ Հելսինքիի հոգիի վերականգումը» ըսաւ Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը դիտել տալով, որ շնորհիւ Աւետարանը հռչակելու եւ արդարութեան, ճշմարտութեան, բարութեան արժէքները քարոզելու, Սուրբ Աթոռը այսպիսով կ՝ուղղեցի Ազգերու եւ անհատներուն խաղաղութեան, եղբայրութեան կառուցելու գործին մէջ» յայտարարեց Արքեպիսկոպոսը։
Ան ելոյթը աւարտեց նշելով որ Քահանայապետական դիւանագիտութիւնը «ինչպէս զարգացած է եւ ստեղծագործաբար յառաջ մղուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, կարելի է անուանել « Ողորմութեան դիւանագիտութիւն։ Կապելով գթասրտութեան դիւանագիտութեան հետ, Պապը կը վերահաստատէ չէզոքութեան սկզբունքը եւ պատերազմող կողմերուն մէկը կամ միւսը օրինականացնելու մերժումը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ