Որոնել

Վատիկանի պարտէզներուն մէջ Տիրամօր արձանը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ Տիրամօր արձանը 

Վատիկանի պարտէզներուն մէջ Տիրամօր հետ աղօթք աշխարհի խաղաղութեան համար

Մայիս ամսուան մէջ ամէն չորեքշաբթի եւ շաբաթ օրերը, Վատիկանի թանգարաններու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած են պտոյտներ՝ նուիրուած Տիրամօր Հոգեւորականութեան եւ Վատիկանի այգիներու բացայայտման։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Աստուածամօր նուիրուած մայիս ամսուան ընթացքին ամէն չորեքշաբթի եւ շաբաթ օրերը, Վատիկանի թանգարաններու առաջարկութեամբ կազմակերպուած է շրջագայութիւն նուիրուած Տիրամօր Հոգեւորականութեան եւ Վատիկանի այգիներու բացայայտման։

Վատիկանի թանգարաններու նախաձեռնութեամբ «Մայիսը Մարիամի հետ» խորագիրով միջոցառումի ծիրէն ներս, մայիս ամսուան մէջ ամէն չորեքշաբթի եւ շաբաթ օրերը այցելուներուն առիթ պիտի տրուի ուխտաւորներուն Վատիկանի գեղեցիկ պարտէզները շրջագայելով Վատիկանի Պարտէզին մէջ գտնուող Տիրամօր արձաններու եւ պատկերներու շուրջ։

«Մայիս ամիս Մարիամի հետ» միջոցառումը բաղկացած է Տիրամօր պատկերներու եւ նկարներու կարեւոր 10 կայքերէ։Վատիկանի պարտէզներու մէջ կը գտնուին Տիրամօր 27 տարբեր լուսանկարներ։ Պարտէզներու այցելութեան ծիրէն ներս նախատեսուան են աղօթքի պահեր Տիրամօր տարբեր արձաններու մօտ, ինչպէս Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը, Ողորմութեան այն Տիրամօր արձանը զոր երեւցած է 1536ին, գիւղացի Անթոնիօ Պոթթային, Իտալիոյ մէջ բռնկուած պատերազմի օրերուն։ Այն ժամանակ Տիրամայրը  յայտնուած ու հրաւիրած էպատերազմի մէջ գտնուող երկու կողմերը խաղաղութեան, յորդորելով զանոնք օգտագործելու ողորմածութիւնը եւ ոչ թէ արդարութիւն՝ պատերազմին վերջ տալու համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2024, 12:56