Ափրիկէի 61րդ Օր. Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքայի մէջ պատարագ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկուշաբթի 27 Մայիս 2024ի կէսօրէն ետք ժամը 3,30ին Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքային մէջ պատարագ կը մատուցէ ի պատիւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած առաջին ափրիկեցի դեսպան` Անթոնիօ Մանուել Նվունտայի, որ 1608 թուականի Յունուարին թաղուեցաւ Պազիլիքայի գետնադամբանին մէջ։ Յիշատակի այս օր կը զուգադիպի նաեւ Ափրիկէի նուիրուած 61րդ Օրուան որ ամէն տարի կը նշուի 25 Մայիսին։
Պատարագին հրաւիրուած են մասնակցելու Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները մինչ արարողութիւնը կազմակերպուած է ափրիկեան ցամաքամասի այն 15 երկիրներուն կողմէ, որոնք դեսպաններ ունին Վատիկանի մէջ:
Սրբազան արարողութենէն առաջ ծաղկեպսակներ պիտի զետեղուին Պօղոս Ե եւ դեսպան Նվունտայի շիրիմներուն վրայ։
Ափրիկէի համաշխարհային օրուան նշումը մայիսի 25-ին կը յատկանշէ 1963 թուականի մայիսի 25ին ստորագրուած OAU-ի համաձայնագրերը, որոնք կը խորհրդանշեն համայն Ափրիկեան ցամաքամասին պայքարը ի նպաստ ազատութեան, տնտեսական և սոցիալական զարգացումին ու նաեւ Ափրիկէի մշակութային հարստութեան շահագործումին ու խթանումին։
25 Մայիսը ափրիկէի դիւանագիտական առաքելութիւններուն համար առիթ է կազմակերպելու ձեռնարկներ, որոնց միջոցաւ ուշադրութիւնը հրաւիրել աշխարհի մէջ Ափրիկէի դերակատարութեան վրայ։ Եւ ահա այս ուղղութեամբ է, որ այս տարի որոշուեցաւ յիշատակել իրադարձութիւն մը, որ պատահած է 400 տարիներ առաջ եւ ի յայտ կը դնէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ափրիկեան ցամաքամասին հետ ունեցած պատմական կապը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ