Որոնել

Պուտտա, Լոյս տօն Պուտտա, Լոյս տօն  (AFP or licensors)

Պուտիսթներու «Լոյսի տօնին» առիթով Քահանայապետական միջ կրօնական երկխօսութեան պատգամը

Լոյսի տօնը առիթ է ջերմ ողջոյններ փոխանցելու եւ որպէս Քրիստոնեայ եւ Պուտիսթներ մտածելու խաղաղութեան, հաշտութեան խթանման ընդհանուր պատասխանատուութեան մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետական միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Միկէլ Այուզօ Կիսօ պատգամով մը շնորհաւորեց Պուտիսթները Լոյսի տօնի առիթով։ Պատգամին մէջ ծիրանաւորը Լոյսի տօնը առիթ նկատեց ջերմ ողջոյններ փոխանցելու եւ որպէս Քրիստոնեայ եւ Պուտիսթներ մտածելու խաղաղութեան, հաշտութեան խթանման ընդհանուր պատասխանատուութեան մասին։

Ծիրանաւոր ապա ակնարկելով աշխարհի մէջ բռնկուած պատերազմներուն նշեց, որ ամբողջ աշխարհի մէջ պատերազմներու շարունակական սրումը կը պահանջէ նոր ուշադրութիւն՝ խաղաղութեան կարեւորագոյն խնդիրի նկատմամբ եւ աւելի խոր խորհրդածութիւն անոնց աճի խոչընդոտներ յաղթահարելու համար։

«Եթէ հակամարտութիւններու եւ բռնութիւններու պատճառները արմատական կերպով չեն լուծուիր, տեւական խաղաղութեան արշալոյսը ցնորք կը դառնայ, որովհետեւ կարելի չէ խաղաղութիւն եւ հաշտութիւնը տիրէ առանց, մշակութային, տնտեսական, քաղաքական կեանքի մէջ հաւասարութեան եւ արդարադատութեան» նշած է միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութեան վերատեսուչը։ Ան ապա մէջբերեց Ֆրանչիսկոս Պապին Fratelli Tutti շրջաբերականէն խօսքերր «վերականգնողական հաշտութիւնը մեզի յարութիւն կու տայ եւ կը ստիպէ փառատելու վախը մեզմէ եւ ուրիշներէն»։

Կարդինալ Այուզօ նշեց Նորին Սրբութեան յորդորը « Սորվիլ մշակել ապաշխարող յիշողութիւնը, որ գիտէ ընդունիլ անցեալը, որպէսի ապագան չխաւարի իր սեփական ափսոսանքներով, հարցերով եւ ծրագիրներով։( Fratelli Tutti 2)։

«Մենք բոլորս կանչուած ենք վերագտնելու եւ գնահատելու մեր համապատասխան աւանդութիւններուն առկայ արժէքները, եւ աւելի լաւ ճանչցնելու զանոնք մարմնաւորող հոգեւոր դէմքերը, ինչպէս նաեւ միասին ընթանալու խաղաղութեան համար» գրեց պատգամին մէջ Քահանայապետական միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Միկէլ Այուզօ Կիսօ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2024, 12:11