Որոնել

Վատիկանի մէջ աղօթք հսկում խաղաղութեան համար Վատիկանի մէջ աղօթք հսկում խաղաղութեան համար 

Կարդինալ Փիցապալլա Կազայէն. Համայնքը շատ ազդուած է, սակայն միացած եւ զօրաւոր է, աղօթեցէք մեզի համար

Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախաձեռնութեամբ, Վատիկանի մէջ երեքշաբթի, 20 մայիսին, երեկոյեան, տեղի ունեցաւ խաղաղութեան համար աղօթքի հսկում։ Կարդինալ Փիցապալլա շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ եպիսկոպոսներուն Կազային ժողովուրդին մօտիկ կանգնելնու համար, ինչպէս նաեւ կարդինալ Ծուփիին՝ յունիսին Կազայ այցելելու որոշումին համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկանի

Ունկնդրէ լուրը

Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախաձեռնութեամբ Վատիկանի մէջ երեքշաբթի, 20 մայիսին, երեկոյեան, տեղի ունեցաւ խաղաղութեան համար աղօթքի հսկում։ Առ ի գնահատանք, Երուսաղեմի Լատինաց պատրիարք, կարդինալ Փիցապալլա, Կազայի ժողովրդապետութեան գրասենեակին մէջ արձանագրած տեսերիզին մը մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին եպիսկոպոսներուն Կազայի համայնքի ցուցաբերած մօտիկութեան համար յայտնելով, որ Կազայի մէջ համայնքը շատ ազդուած է սակայն շատ միացած եւ զօրեղ է։ Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքը իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, թէ որոշ պահերուն կարելի չէ լուծել խնդիրները սակայն,պէտք է հոն տեղւոյն վրայ գտնուիլ, լուծումներ գտնելու համար։

Կարդինալ Փիցապալլա յայտնեց, որ  Կազայի մէջ եկեղեցին ամէն ինչ կը կատարէ օգնելու համար բոլորին եւ դուրս գալու համար այդ իրավիճակէն, որպէսզի կարճ ժամանակամիջոցին մէջ դադարի այս բռնութեան արտասովոր շրջանը։

Երուսաղեմի պատիարրքը շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ կարդինալ Մաթէօ Ծուփիին, Յունիսին Սուրբ Երկիր երթալու ընտրութեան համար. «Շնորհակալ ենք ձեզի, որ մեզի օգնեցիք լաւ ապրելու համար, հնարաւորինս որպէս քրիստոնեաներ, որպէս հաւատացեալներ,  բայց արմատացած ժողովուրդին հողին եւ կեանքին մէջ այս դժուար պահուն» նշեց կարդինալ Փիցապալլա խնդրելով Իտալիոյ եպիսկոպոսներէն, որ աղօթեն Կազայի ժողովուրդին համար, վստահեցնելով նաեւ որ  իրենք եւս պիտի շարունակեն աղօթել, չնայած ամէն ինչին, աղօթել եւ շնորհակալութիւն յայտնել։

Կարդինալ Ծուփի

Կրօանւորներու, կրօնաւորուհիներու, խումբ մը աշխարականներու մասնակցութեամբ, Վատիկանի մէջ կայացած խաղաղութեան համար աղօթք հսկումին ընթացքին, Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին նախագահ կարդինալ Ծուփին, խօսելով խաղաղութեան համար աղօթքի հսկումին մասին հրաւիրեց, որ տարաձայնութիւններով եւ հակամարտութիւններով բնորոշուած ժամանակին մէջ դառնալ խաղաղութեան ուխտաւորներ, Սուրբ Կոյս Մարիամին յանձնելով ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան կոչը, որ կը բարձրանայ ողջ մարդկութեան կողմէ։ Կարդինալ Ծուփի հրաւիրեց դիմելու Տիրամօր, որպէսզի իր մայրական բարեխօսութեամբ օգնէ բոլորին՝ դառնալու միշտ խաղաղութեան եւ վկաներու եւ արուեստագէտները։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2024, 11:10