Սուրբ Աթոռը ՄԱԿ-ին. Պատերազմին մէջ թող պաշտպանուին քաղաքայինները եւ անոնք որոնք կը դիմակայեն սպառնալիքները
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Վերջին տարիներուն աշխարհի մէջ պատերազմներուն եւ ռազմական գործողութիւններու տագնապի աճին հետ կապուած Սուրբ Աթոռը կը յորդորէ իրականացնել ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի թիւ 1265 բանաձեւը քաղաքացիներուն պաշտպանութեան համար ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք պատերազմներու մէջ կը դիմակայեն ծանր վնասները՝ ինչպէս մարդասիրական եւ առողջապահական աշխատողները, կրօնական աշխատաւորները,գաղթականները, կիները, մանուկներ եւ հաշմանդամները։ Այս մասին հաղորդեց գերապայծառ Կապրիէլ Քաչչիա, ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռին մնայուն դէտը, որ իր մասնակցութիւն բերաւ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի գործադիր մարմնի բաց քննարկումին, որ պատասխանատու է միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման համար։
Վատիկանի դիւանագէտը իր ելոյթին մէջ յստակացուց, որ հակամարտութիւնները «աղէտալի հետեւանքներ կ՝ունենայ միլիոնաւոր մարդոց վրայ» եւ քաղաքայինները կ՝ենթարկուին ամենաշատ վնասներուն, ինչպէս նաեւ կրկնած է Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներու, անցեալ 8 յունուարին, թէ ինչպէս ռազմավարական եւ քաղաքացիական նպատակներուն տարբերութիւնները այլեւս չեն յարգուիր։
Գերապայծառ Քաչչիա նշեց, թէ անհրաժեշտ է համարժէք օրէն իրականացնել 1265 բանաձեւի դրոյթները եւ անոնք ներառել խաղաղապահ բոլոր մակարդակներուն մէջ, եւ «կարեւոր է գիտակցիլ, որ ժամանակակից պատերազմը չկատարուիր բացառապէս մարտի դաշտին մէջ, որովհետեւ կը հարուածէ նաեւ քաղաքացիական ենթակառոյցներուն, ինչպէս դպրոցները, հիւանդանոցներ, աղօթատեղիներ, ուր անմեղ ու անպաշտպան մարդիկն են որ կը կորսնցնեն իրենց կեանքը։
ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին, գերապայածայ Քաչիա Սուրբ Աթոռի մտահուգութիւն յայտնեց «հակամարտութեան գօտիներուն մէջ մարդասիրական օգնութեան արգելափակման եւ մարդասիրական անձնակազմի դէմ աճող յարձակումներու վերաբերեալ։
«Սուրբ Աթոռը», եզրափակեց Գերապայծառ Քաչիա, «կոչ կ՝ընէ խստօրէն պահպանելու միջազգային մարդասիրական իրաւունքը եւ կը դատապարտէ ամէն միջոց, որ կը խոչընդոտէ ապրանքներու յանձնումը, ինչպէս ջուրը, դեղերը, սնունդը՝ պատերազմի հետեւանքներէն տուժածներուն, ինչպէս նաեւ անխտիր մարդասիրական եւ բժշկական անձնակազմի դէմ յարձակումները, որոնք իրենց կեանքը վտանգի կ՝ենթարկեն դաշտի մարդկութեան օգնելու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ