Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ նորանշանակ դեսպան` Պորիս Սահակեան պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Ռատիօ Վատիկան
Ռատիօ Վատիկան - Հայկական Բաժանմունք
Երկուշաբթի 17 Յունիս 2024ին, հաւատարմագրերու յանձնման արարողութենէն ճիշտ մէկ ամիս ետք, Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ նորանշանակ դեսպան` Վսեմաշուք Տիար Պորիս Սահակեան, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Ռատիօ Վատիկանի «Palazzo Pio» կեդրոնական շէնք, ուր հանդիպում ունեցաւ Հաղորդակցութեան վերատեսչութեան Խմբագրական Կազմի ընդհանուր տնօրէն Տիար Անտրէա Թոռնիելլի եւ Խմբագրութիւններու համադրող Տիար Մասսիմիլիանօ Մենիքեթիի հետ։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզի հայկական բաժանմունքի տնօրէն Տիար Ռոպէր Աթթարեան։
Ռատիօ Վատիկանի կեդրոնական շէնք ժամանելուն Դեսպանը դիմաւորուեցաւ Տիար Ռոպէր Աթթարեանի կողմէ, որ զինք առաջնորդեց շէնքի երկրորդ յարկ, ուր նախատեսուած էր հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ եւ որուն ընթացքին Տիար Սահակեան գնահատեց Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան գործունէութիւնը ի սպաս Քահանայապետին, Վատիկանին ու Տիեզերական Եկեղեցւոյ ու անոր առաքելութիւնը, որպէս կամուրջ` ընդմէջ Սուրբ Աթոռին եւ աշխարհասփիւռ քրիստոնեայ հաւատացեալներուն։
Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում ու փոքրիկ հիւրասիրութիւն, որուն միացան նաեւ Հայկական Բաժանմունքի անձնակազմի անդամները, ապա Դեսպանը շրջանը կատարեց շէնքին, ծանօթանալով Ռատիօ Վատիկանի պատմութեան ու այնտեղ գործող տարբեր բաժանմունքներուն, ի մասնաւորի Հայկական Բաժանմունքին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ