Որոնել

Ծովու միջազգային օր Ծովու միջազգային օր  (AFP or licensors)

Կարդինալ Չեռնի. Ընդունիլ ապահով ապաստանի կարիք ունեցող օտարները

Ծովու Միջազգային կիրակի օրուան կապակցութեամբ Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացման համար վերատեսչութեան վերատեսուչին պատգամն ու հրաւէր թիկունք կագնելով իրենց ընտանիքներէն հեռու ապրող աշխատաւորները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յառաջիկայ, 14 յուլիսին նշուելիք միջազգային կիրակի օրուան կապակցութեամբ, Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացման համար վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Չեռնի ուղերձով մը բոլոր եկեղեցիները կը հրաւիրէ տեսանելի դարձնելու ծովային ոլորտէն ներս բոլոր աշխատաւորները՝ պաշտպանելով անոնց մարդկային արժանապատւութիւնն ու իրաւունքները։ ծիրանաւորը կը խրախուսէ յատուկէն ողջունել ու ընդունիլ ապահով ապաստան տեղ փնտռող անձերը ու լսելու համայնքին ձայնը։

Սուրբ Աթոռի վերատեսչութեան վերատեսուչը պատգամին մէջ կը մաղթէ, որ ծովու ոլոտէն ներս աշխատող միլիոնաւոր աշխատողները կարենան զգալ եկեղեցւոյ առաքելութեան այն յոյսը, որ տեսանելի կը դարձնէ իրենց առօրեայ անտեսանելի իրականութիւնները, ընդգծելով որ ծովային գործերով բոլոր զբաղողները՝ նաւերու անձնակազմերը, նաւահանգիստի աշխատաւորները, երթեւեկութեան  աշխատակիցներն ու  փրկարարները իրենց պարտադրուած զոհողութիւններով հանդերձ ենթարկուած են անդարդարութիւններու, շահագործումի եւ անհաւասարութիւններու. վտանգներուն ու այս գծով կը հրաւիրէ մատրանապետները, կամաւորները նաւահանգիստներու մօտ գտնող տեղական եկեղեցիներուն անդամները թիկունք կանգնելու եւ պաշտպանելու այդ հազարաւոր անձերու մարդկային արժանապատուութիւնն ու իրաւունքները։

Նպաստել ժողովուրդներու միջեւ միասնութեան եւ փոխանակումներու

Կարդինալ Չեռնի պատգամին մէջ կը յորոդրէ կեդրոն նկատել արուարձանները՝ անձամբ եւ աղօթքով հանդիպելով ծովու մարդոց հետ, բարելաւելով անոնց նիւթական եւ հոգեւոր պայմանները, պաշտպանելով անոնց արժանապատուութիւնը ու իրաւունքները, պաշտպանելով բոլոր ճամբորդողներն ու աշխատաւորները որոնք հեռու կ՝ապրին հեռու իրենց ընտանիքներէն ու նպաստել այդ մարդոց ներառման, որպէսի աճի փոխըմբռնումը ու համերաշխութիւնը բոլոր ժողովուրդներու եւ կրօններու միջեւ։

Կարդինալ ապա որպէս օրինակ կը բերէ ծովու մէջ մեծ փորձառութիւն ունեցող Սուրբ Պօղոսը յիշել տալով, որ առաջին առաքեալներուն համար ամէն նաւու մը ժամանումը՝ իրենց համար կը նշանակէ աւելի հանդիպումներ եւ փոխանակումներ ունենալ։ Ծիրանաւորը Պատգամը կ՝աւարտէ խրախուսելով ընդունելու եւ հիւրասիրելու օտարները, շեշտելով որ չէ կարելի բաց ըլլալ կեանքին հնարաւորութիւններուն այն ատեն երբ կը նախընտրենք ընտանեկան հանգստութիւնները ու անհրաժեշտ է մենք մեզի դաստիարակել եղբայրութեան եւ ընկերային բարեկամութեան մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2024, 11:41