Կարդինալներու հանրային ժողով նուիրուած կարգ մը երանելիներու սրբադասումին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 19 յունիսին, Քահանայապետական ծիսական գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ կը կարդանք որ յառաջիկայ 1 յուլիս 2024ին, առաւօտեան ժամը 9ին, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ պիտի գումարուի կարդինալներու հանրային Սովորական ժողով, կէսօրուան ժամանասցութեան արարողութեամբ, նախագահութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին։
Կարդինալներու հանրային սովորական Ժողովը նուիրուած է հետեւեալ երանելիներուն սրբադասման դատերուն։
Փոքրիկ եղբայրներու միաբանութեան անդամ, Մանուէլ Ռուիզ Լոփէզ ու անոր եօթը ընկերները եւ Ֆրանչեսքօ Մութի եւ Ռաֆայէլի Մասապքի աշխարական նահատակները։
1860 թուականին յուլիս ամիս 8էն 9 լուսցող գիշեր, Դամասկոսի մէջ խումբ մը տուրզի զինեալներ՝ եկած Լիբանանէն, յարձակած են Քրիտոտնեաներու դէմ ու ատելութեամբ սպանած վերոյիշեալ Փորքիրկ եղբայրներու միաբանութեան 8 անդամները իրենց դաւանած հաւաքին համար։
Մխիթարութեան քոյրերը միաբանութեան անդամ Հայր Ճուզէփէ Ալլամանօ
Ան ծնած է Իտալիա 21 յունուար 1851ին, եղած է Սուրբ Տոն Պոսքոյի մտերիմ բարեկամը ու հիմնած Մխիթարութեան միսիոնարներ միաբանութիւն։ Երանելի հռչակուած է 1990ին, Սուրբ Յովհաննէս Պապին օրով
Սուրբ Ընտանիքի փոքրիկ քոյրեր միաբանութեան հիմնադիր Մարի Լէոնի Փարատի։ Ան ծնած է Քանատա ՝12 մայիս 1840ին, կրօնաւորական կեանքի նուիրած է երիտասարդներու կրթութեան ու հիմնած է Սուրբ Ընտանիքի փոքրիկ քոյրեր» միաբանութիւնը։
Սրբուհի Զիթայի քորերը միաբանութեան հիմնադրուհին, Էլէնա Կուէռա։
Ան ծնած է հարուստ ընտանիքի յարկին տակ, 23 յունիս 1835ին։ 1870ին, իր հօր հետ դէպի Հռոմ ուխտագնացութիւն կատարելէ ետք իր երկիրը վերադարձին, խրախուսուած իր հոգեւորական կեանքէն հիմնած է փոքրիհ դպրոց մը աղքատ աղջիկներու համար
Աշխարական հաւատացեալ Քարլօ Աքութիս
Երանելի Քարլօ Աքութիսը ծնած է 1991թ. Լոնտոն ապա ապրած է Միլան: Ան իր մահկանացուն կնքած է վաղ հասակին 2006-ին, լէյկոզի հիւանդութեան հետեւանքով։ Աստծոյ ծառայ հռչակուած է 2018ին: 2019-ի ապրիլի 5-ին անոր աճիւնը հանդիսաւոր ձևով տեղափոխուեցաւ Ասսիզիի Սանթա Մարիա Մաճորէ սրբավայր:
Քարլոն կեանքին մէջ իրեն հիանալի ընկեր մը գտած էր ՝ Յիսուսը: Եւ կը ցանկանար իր այդ թանկարժէք Գանձը կիսել բոլորին հետ, եւ ասոր համար դարձաւ առաքեալ՝ շնորհիւ իր շատ սիրած համակարգչային արուեստագիտութեան։ Ան ստեղծած էր Սուրբ Հաղորդութեան հրաշքներուն նուիրուած առցանց հարթակ, որպէսզի բոլորին պատմէր Յիսուսին հետ իրական հանդիպման ուրախութեան մասին:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ