Որոնել

Վատիկանի Աստղադիտարանը Վատիկանի Աստղադիտարանը  (H. Raab)

Միջազգային Գիտաժողով Վատիկանի աստղադիտարանի մէջ՝ ի յիշատակ Գերապայծառ Ճորճ Լըմէթրի

Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ ընթացող Գիտական համաժողովը, ոգեշնչուած Պելճիկացի քահանայի եւ տիեզերաբան հետազօտութեան ու երկխօսութեան աւանդոյթէն։ Նպատակ ունի խրախուսել փոխգործակցութիւնը աշխարհի տարբեր անկիւններէն ժամանած 40 գիտնականներու միջեւ:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Յունիս 17էն 21ը Քասթել Կանտոլֆոյի Վատիկանի աստղադիտարանէն ներս կ’ընթանայ «Սեւ խոռոչներ, ձգողական ալիքներ եւ տարածութիւն-ժամանակի եզակիութիւն» տիտղոսով գիտաժողովը՝ նուիրուած մեծ քահանայ եւ գիտնական Գերապայծառ Ճորճ Լըմէթրի գիտական ​​ժառանգութեան եւ միտուած է խրախուսել նոր գաղափարներու ու հետազօտութեան ուղղութիւններու ծնունդը։

Քննարկուող նիւթերն են ի միջի այլոց այսպէս կոչուած Հապըլի հաստատունի լարուածութիւնը չափումներու մէջ, տարածութիւն-ժամանակ եզակիութեան հանելուկային բնոյթը՝ ներառեալ Մեծ պայթիւնը եւ սեւ խոռոչները, ձգողական ալիքները, քուանտային տեսութեան հիմքերը:

Կարդինալ Մերսիէի կողմէ հիմնադրուած Յիսուսի Բարեկամներ Քահանայական Եղբայրութեան անդամ՝ Հայր Լըմէթրը յայտնի եւ հանճարեղ գիտնական եղած է տիեզերաբանութեան բնագաւառին մէջ եւ 1960-1966 թուականներուն նախագահած է Քահանայապետական գիտութիւններու Կաճառը։

Լըմէթրի առաջինն էր, որ առաջ քաշեց տիեզերքի ընդարձակման վերաբերեալ տեսութիւնը

Շուրջ 1920 թուականին տիեզերաբանական դիտարկումները հաստատած էին, որ Ծիր Կաթինը տիեզերքի մէջ առկայ միակ համաստեղութիւնը չէ, այլեւ այդպիսի միգամածութիւնները մեծ թիւ կը կազմեն, որոնք անհասկանալի կերպով կը հեռանան իրարմէ։ Լըմէթրն առաջինը եղաւ, որ 1927ին բացատրեց, որ այդ երեւոյթը տիեզերքի ընդարձակման հետեւանք է։

Ան այդ տարիներուն, լուծելով Ալպերթ Այնշթայնի կողմէ 1915 թուականին առաջ քաշած Յարաբերականութեան ընդհանուր տեսութեան բարդ հաւասարումները ու համեմատելով այդ արդիւնքները իր ձեռքի տակ եղած գիտափորձարարական քիչ տուեալներուն հետ, եզրակացուց, որ երկու համաստեղութիւններու մէկը միւսէն հեռանալու արագութիւնը համաչափ է անոնց միջեւ եղած հեռաւորութեան:

1931ին Լըմէթրի հաշուարկները հաստատուեցան ամերիկացի աստղագէտ Էտուին Հապըլի աւելի ճշգրիտ դիտարկումներով, որու պատճառաւ տեսութիւնը կոչուեցաւ Հապըլի հաստատուն՝ հակառակ այն բանին, որ յայտնագործութիւնը Լըմէթրը կատարած էր դեռեւս անորմէ երկու տարի առաջ։

Միայն վերջերս՝ 2018էն ի վեր, Միջազգային աստղագիտական ​​միութիւնը՝ ճանչնալով Լըմէթրի վաստակը, Համաստեղութիւններու նահանջելու օրէնքը վերանուանեցաւ Հապըլ-Լըմէթրի օրէնք:

Հետաքրքրական է, որ Ալպերթ Այնշթայնը՝ Լըմէթրի կողմէ ներկայացուցած մաթեմատիկական հաշուարկները ճշգրիտ համարելով եւ ընդունելով հանդերձ՝ խիստ անհամաձայնութիւն արտայայտած է անոր բնագիտութեան հայող մեկնաբանութեան հետ։

Լըմէթրը եւ Մեծ պայթիւնի տեսութիւնը

Պելճիկացի քահանայ և տիեզերաբան Լըմէթրի հանրաճանաչ դարձաւ աւելի ուշ՝ Սկզբնական Ատոմի մասին իր տեսութեամբ, հետագային ստանալով Մեծ պայթիւն անունը։ Գիտնականը՝ 1927ի իր բանաձեւը կիրառելով ժամանակի մէջ հակառակ ուղղութեամբ՝ երթալով յետ մինչեւ տիեզերքի ակունքներ, 1931ին յայտնաբերեց, որ տիեզերքն ի սկզբանէ եղած է նիւթի եւ ուժանիւթի շատ բարձր խտութեամբ «եզակի» վիճակի մը մէջ:

Ներկայիս այն հիմքն է տիեզերական ձեւաչափի մը, որ յայտնի է որպէս «տաք մեծ պայթիւն», որն ալ իր հերթին հիմք տուած է առ այսօր գիտական հանրութեան համար դժուարին խնդրի՝ քուանտային ձգողականութեան վերաբերեալ հետազօտութիւններուն։

Լըմէթրի եւ Այնշթայնի կարծիքները նաեւ այս հարցին շուրջ միանշանակ չեն եղած։ Վերջինս, որ արդեն սկսած էր համոզուիլ Լըմէթրի տիեզերքի ընդարձակման վերաբերեալ առաջ քաշած տեսութեան մէջ, համաձայն չէր տիեզերքի ծագումի վերաբերեալ անոր եզրակացութեան հետ։

Երկու գիտնականները սակայն շարունակած են իրենց շփումները եւ վերջոյ բարեկամացած․ 1935ին երրորդ անգամ հանդիպելով Պելճիքա, ուր Լըմէթրը՝ հիացած ձգողականութիւնը միւս հիմնարար ուժերի հետ միաւորելու Այնշթայնի փորձերով մասնակցած է անոր որոշ դասախօսութիւններու։

Հաւատքը եւ գիտութիւնը

Ինչ կը վերաբերի Գերապայծառ Ճորճ Լըմէթրի հաւատքի ճանապարհորդութեան, ապա հետաքրքրական է նշել, որ պատանութեան տարիներուն ան համոզուած էր, որ գիտական ճշմարտութիւնները թաքնուած են Սուրբ Գիրքին մէջ։ Մինչդեռ իր հաւատքի կեանքէն ներս եկաւ այն եզրակացութեան, որ գիտութիւնն ու հաւատքը երկու տարբեր և առանձին ճամբաներ են, որ Աստուծոյ խորհուրդը հնարաւոր չէ ամբողջութեամբ միայն մարդկային բանականութեան միջոցաւ նկարագրել, առ աւելիով՝ միայն գիտական ​​ճշմարտութեան միջոցաւ:

Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ ընթացող Գիտական համաժողովը, ոգեշնչուած Լըմէթրի հետազօտութեան եւ երկխօսութեան աւանդոյթէն և նպատակ ունի խրախուսել փոխգործակցութիւնը աշխարհի տարբեր անկիւններէն ժամանած 40 գիտնականներու միջեւ: Անոնց շարքին Նոպէլեան մրցանակակիրներ Ատամ Ռիսսը եւ Ռոճեր Փենրոուզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2024, 12:49