Կրօնական ազատութեան համար նոր համապարփակ հարթակ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Կրօնական ազատութեան եւ մարդկային ամբողջական զարգացումի նոր համապարփակ հարթակ». այս է Սուրբ Աթոռի մօտ Մալթայի Ինքնիշխան Ուխտի, Միացեալ Նահանգներու Ազատութեան եւ բարգաւաճման կեդրոնի (Freedom and Prosperity Center Advisory Council dell'Atlantic Council) եւ Ուրպանիանա Քահանայապետական Համալսարանի կողմէ կազմակերպուած համաժողովին բնաբանը, որ կայացաւ 5 Յունիսին Հռոմի մէջ՝ Մալթայի Ուխտի՝ Ավենթինօ բլուրի վրայ գտնուող նստավայրէն ներս։
Միջոցառումին նպատակն էր վերլուծել այն հնարաւոր շրջանակներն ու ռազմավարութիւնները, որոնք ուղղուած են խթանելու ներառական քաղաքականութիւնն ու պարտաւորութիւնները կրօնական ոլորտի մէջ:
Համաժողովին` որ սկիզբ առաւ կրօնական ազատութեան համաշխարհային ճգնաժամը մարդկային ամբողջական զարգացման տեսանկիւնէ դիտելուն նուիրուած կլոր սեղանով, մասնակցեցան ի միջի այլոց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը եւ Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններուն հետ Յարաբերութիւններու Քարտուղար, Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերը։
Կրօնական ազատութիւնը մարդու հիմնարար իրաւունքն է․Գերապայծառ Կալլակեր
Գերապայծառ Կալլակերը իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ «կրօնական ազատութեան եւ մարդկային համապարփակ զարգացման խթանման» հայող Սուրբ Աթոռի տեսակէտին՝ յիշեցնելով, որ Վատիկանի Տիեզերական Բ Ժողովը յանձնառու դարձուց Կաթողիկէ Եկեղեցին՝ խրախուսելու կրօնական ազատութիւնը։ Ան նշեց միաժամանակ, որ «Dignitatis Humanae» Հռչակագիրը կը բացատրէ անձի եւ համայնքի ընկերային եւ քաղաքացիական ազատութեան իրաւունքը կրօնական հարցերուն մէջ։
Մարդու իրաւունքներու եւ կրօնական ազատութիւններու միջեւ սերտ կապը
Վատիկանի պաշտօնեան խօսեցաւ նաեւ մարդու իրաւունքներու եւ կրօնական ազատութիւններու միջեւ սերտ կապի մասին՝ հաստատելով, որ «խղճի ազատութեան իրաւունքը հիմք կը հանդիսանայ մարդու բոլոր միւս իրաւունքներուն համար»։
Կրօնական ազատութեան խախտումներու բարձր ցուցանիշ 2023ին
Գերապայծառ Կալլակերը նկատեց ապա,որ «ներկայիս աշխարհի տասը քաղաքացիներէն առնուազն եօթի խղճի իրաւունքները կը խոչընդոտուին կամ կը վնասուին զայն գործադրելու ատեն» եւ այդ իրավիճակի մէջ ամէնէ խոցելիները քրիստոնեաներն են. «աւելի քան 365 միլիոն քրիստոնեայ՝ գրեթէ եօթէն մէկը, իր հաւատքի համար կը բախուի բարձր մակարդակի հալածանքներու», բարձրաձայնեց Գերապայծառը տեղեկացնելով, որ 2023ին զգալիօրէն աճած են քրիստոնեաներու, քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ սեփականութեան վրայ յարձակումները։
Սուրբ Աթոռի Պաշտօնեան յղում կատարեց այնուհետեւ ՄԱԿի մէջ 2015ի սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի խօսքերուն առ այն, որ զարգացման նոր օրակարգի համար լաւագոյն միջոցը հիմնական նիւթական եւ հոգեւոր բարիքներուն հասանելիութիւն ապահովելն է բոլորի համար, որոնք են բնակարան, աշխատանք, բաւարար սնունդ եւ խմելու ջուր, կրօնական ազատութիւն եւ ընդհանրապէս հոգեւոր ազատութիւն եւ կրթութիւն եւ դիտել տուաւ, որ այդ իմաստով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան 2030ի օրակարգը թերի է, քանզի «մարդկային բարգաւաճման միայն որոշ հատուած կը դիմագրաւէ՝ դուրս ձգելով հոգևոր հարթութիւնը»։
Պետութիւնները պէտք է երաշխաւորեն կրօնական համոզմունքները հրապարակայնօրէն դրսեւորելու հաւասար իրաւունքները
Մարդկային ամբողջական զարգացումը գործընթաց է, «որու միջոցաւ անհատը բարեկեցութեան կը հասնի եւ, այդպիսով, կը նպաստէ ընդհանուր բարօրութեան», հաստատեց ապա Գերապայծառ Կալլակէրը եւ ասկէ մեկնելով նշեց, որ «կրօնական ազատութիւնը վճռորոշ դեր կը խաղայ մարդկային համապարփակ զարգացման հասնելու համար»: Ուստի, «պետութիւնը չէզոքութիւն պէտք է ցուցաբերէ՝ կրօնական խումբերուն եւ բոլոր անհատներուն երաշխաւորելով կրօնական համոզմունքները հրապարակայնօրէն դրսեւորելու նպատակով հաւասար իրաւունքները» շեշտեց ի վերջոյ Գերապայծառ Կալլակերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ