Որոնել

Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր  (ANSA)

Արք Կալլակեր. Ռազմական ռազմավարութիւնները թող չմոռնան մարդասիրութեան սկզբունքը

Վատիկանի արտաքին յարաբերութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար, արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր ելոյթը Սուրբ Աթոռի մօտ Իսրայլէի դեսպանատան մէջ, Իսրայէլի պետութեան անկախութեան 76-րդ տարեդարձին առիթով

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Իսրայէլի Պետութեան անկախութեան 76-րդ տարեդարձին առիթով, Վատիկանի արտաքին յարաբերութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար, արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր ելոյթ ունենալով, Սուրբ Աթոռի դեսպանատան մէջ անդրադարձաւ Սուրբ Աթոռի եւ Իսրայէլի միջեւ 30 տարուան դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մաղթելով որ Խաղաղութեան յոյսը, «որուն շատ կարիքը կայ» շուտով հասնի Իսրայէլի մէջ։

Ահաբեչութիւնը հակամարտութիւններու լուծում չէ

Վատիկանի դիւանագէտը յիշեց «Անցեալ 7 հոկտեմբերին, Համասի կողմէ կատարուած սարսափելի յարձակումը ու հարիւրաւոր անձեր, որոնք դաժանաբար սպաննուեցան, բռնաբարուեցան եւ բարբարոսաբար պատանդ վերցուեցան»

Գերապայածառ Կալլակեր իր ցաւն ու կարեկցանքը յայտնեց պատահածին համար մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ յունուարին, դիւանագիտական մարմնի ուղղած խօսքերը « Ահաբեկչութիւնը հակամարտութեան լուծում չէ։ Դա մարդկային կեանքի նկատմամբ կատարեալ արհամարհանքի արարք է եւ ոչ մէկ համոզումով, ըլլայ քաղաքական կամ կրօնական կարելի է դա արդարացնել»։

Գերապայծառ Կալլակեր յիշեց նաեւ Քահանայապետի կողմէ բոլոր ջանքերը՝ խնդրելու անյապաղ ազատ արձակել առեւանգուածները, հանդիպիլ զոհերու ընտանիքներուն հետ, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի մէջ Հրեայ համայնքներու ուղղած նամակը։

Գերապայծառ Կալլակեր զրոյցը աւարտեց անդրադառնալով 2025 յոբելինական տարուան կոնդակին, որուն մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ յստակ խնդրած է, որ մենք գործնականին մէջ կը կիրառենք խաղաղութեան հասնելու համար շօշափելի գործողութիւնները։ Ակնարկեց տասը տարի առաջ Վատիկանի Պարտէզներու մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին Իսրայէլի եւ Պաղեստինի նախագահներուն հետ հանդիպումը ու խաղաղութեան համար աղօթքը , յոյս յայտնելով որ «երկխօսութիւնն ու փոխըմբռնումը կարելի են։ Խաղաղութեան մեծ անհրաժեշտութիւն կայ եւ հնարաւոր է Իսրայէլ հասնիլ աւելի շուտ քան ուշ»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2024, 10:39