Որոնել

«Խաղաղութեան խաղեր» գիրքին կողքը «Խաղաղութեան խաղեր» գիրքին կողքը 

Կը ներկայացուի Ֆրանչիսկոս Պապին նախաբանով «Խաղաղութեան խաղեր» վերտառութեամբ գիրքը

Գիրքի ներկայացումին մասնակցեցան ի մէջ այլոց Ողիմպիականն խաղերու մարզիկներ եւ խումբ մը գաղթականներ։
Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 17 յունիսին, յետմիջօրէին, Հռոմի «Օլիմփիքօ» մարզադաշտի մէկ դահլիճին մէջ կը ներկայացուի, Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը կրող նախաբանով, «Խաղաղութեան խաղեր» վերտառութեամբ գիրքը։

Գիրքին ներկայացումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ողիմպիական խաղերու մարզիկներն ու խումբ մը գաղթականներ՝ իրենց վկայութիւնները կիսելու հրաւէրով։

Եկեղեցական եւ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու շարքին գիրքին ներկայացումին ներկայ եղան Մշակոյթի եւ Կրթութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ, Իտալիոյ մարզանքի եւ երիտասարդներուն նախարարութեան նախարար, տիար Անտրէա Ապոտի, Իտալիոյ Փարաիլմփիք կոմիտէի նախագահ, Սիլվիա Սալիս։ Գիրքին ներկայացումը կը վարէ «Վատիկան Նիւզ»ի ընդհանուր խմբագրութեան փոխ նախագահ, Ալեսանտրօ Ճիզոթթին։

Յիշենք, որ նախաբանին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշած է, թէ «Մարզական գործունութիւնը ոգին է միաւորել եւ չի բաժնել, իսկ հինգ միահիւսուած օղակները, ողիմպիական խաղերու խորհրդանիշն ու դրօշը, կը ներկայացնեն եղբայրութեան ոգին, որ պէտք է բնութագրէ ողիմպիական իրադարձութիւնը և ընդհանրապէս մարզական մրցակցութիւնը» բարձր գնահատելով նաեւ 2021 Թուականին միջազգային ողիմպիական կոմիտէի, ողիմպիական կարգախօսին չորրորդ բառը աւելցնելը` «միասին» բառը, «Աւելի արագ, Աւելի վեր, Աւելի զօրաւոր եւ միասին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2024, 10:47