Որոնել

Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլինի կոչը լիբանանցիներուն. «Ընտրեցէք նախագահը»

«Լիբանանի Եկեղեցին նոյնպէս պէտք է վկայութիւն տայ, համաձայն իր բարձր առաքելութեան՝ կենդանի և արդիւնաւէտ պահելու «միասին ապրելու» պատգամը, որ բնորոշ է Մայրիներու Երկրին» ըսաւ ապա Ծիրանաւորը ընդգծելով որ «ամիսներ շարունակ կայ մեծ դատարկութիւն` բացակայ է Լիբանանի նախագահի ձայնը» Սրբազան Պապին անունով նորոգելով կոչը, բոլոր պատասխանատուներուն, «որպէսզի շուտով ընտրեն Նախագահ մը եւ Երկիրը կարողանայ վերագտնել իր պետական կայունութիւնը, որ այնքան ալ անհրաժեշտ է, լրջօրէն դիմագրաւելու համար այսօրուան մարտահր
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, որ այս օրերուն կը գտնուի Լիբանան, երկուշաբթի 24 Յունիսին Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի ծիսական տօնին օրը, որ է նաեւ Մալթայի Ասպետական Ուխտին պաշտպան սուրբը, պատարագ մատուցեց Ուխտի Լիբանանի տարածքին մէջ ունեցած գործունէութեան քառասուն ամեակին առիթով։ Արդարեւ Մալթայի Ուխտի Ասպետներու Լիբանանեան ընկերակցութիւնը հիմնադրուած է 11 Մայիս 1984 թուականին։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ծիրանաւորը նախ մեկնաբանեց օրուան աւետարանական հատուածը, որ նուիրուած էր Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչին ու անոր ծննդեան դրուագին, մանրամասն կերպով անդրադառնալով այդ դրուագի դերակատարներուն, Սուրբ Յովհաննէսին, Անոր մօրը Եղիսաբեթին ու հօր Զաքարիային, խրախուսելով ներկաները հետեւելու Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի քայլերուն ու անոր ժողովուրդին տուած պատուէրին «Ով որ երկու հագուստ ունի, թող մէկը տայ չունեցողին եւ ով, որ ուտելիք կերակուր ունի, թող ընէ նոյնը» (Ղուկ. 3, 11)։

Ասկէ մեկնելով Կարդինալ Փարոլինը գնահատեց Մալթայի Ասպետական Ուխտին գործունէութիւնը ու մանաւանդ անոնց վերաբերմունքը հիւանդներուն հետ, զոր յարգանքով կը կոչեն «տեարք հիւանդներ» , նշելով նաեւ թէ անոնց աշխատանքը միայն մարդասիրական բնոյթ չունի այլ է նաեւ հոգեւոր արարք մը, հիմնուած Քրիստոսի մէջ հաւատքին վրայ եւ որ փառք կը մատուցէ Աստուծոյ աւելիով տկարներուն նուիրած ծառայութեամբ։

«Քրիստոնէական վկայութիւնը հիմնուած է Տէր Յիսուսի սիրոյ և անոր խոր ճանաչողութեան վրայ։ Քրիստոսի ճշմարիտ վկաները չեն կարող անտեսել իրենց պատկանելութիւնը Եկեղեցւոյ, կանոնաւոր կերպով ընդունելու խորհուրդները, յատկապէս Հաղորդութեան և Հաշտութեան խորհուրդները», ըսաւ ի միջի այլոց Կարդինալ Փարոլինը հրաւիրելով Ուխտի անդամները Լիբանանին ապրած ծանր այս կացութեան ընթացքին ըլլալու միշտ աւելի առատաձեռն դիմակայելու համար բնակչութեան կարիքները, աւելի լաւ, աւելի արդար ու հաւասար ապագայի մը յոյսով։

«Լիբանանի Եկեղեցին նոյնպէս պէտք է վկայութիւն տայ, համաձայն իր բարձր առաքելութեան՝ կենդանի և արդիւնաւէտ պահելու «միասին ապրելու» պատգամը, որ բնորոշ է Մայրիներու երկրին» ըսաւ ապա Ծիրանաւորը հաստատելով, որ «մենք եւս պէտք է վկաներ ըլլանք ազգային, տարածաշրջանային և միջազգային մակարդակներու վրայ՝ չվախնալով Քրիստոսի Աւետարանը տանելու հասարակական կեանքէն ներս»։

«Այս առումով թոյլ տուէք ընդգծել, որ ամիսներ շարունակ կայ մեծ դատարկութիւն։ Քրիստոնէական ձայնի պակաս, որ անկասկած փոփոխութիւն կը բերէ` բացակայ է Լիբանանի նախագահի ձայնը։ Այս բացակայութիւնը ծանր է Մերձաւոր Արևելքի համար այս շատ լուրջ պահի ընթացքին» շեշտեց հուսկ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը ապա Սրբազան Պապին անունով նորոգեց կոչը, բոլոր պատասխանատուներուն, որպէսզի շուտով ընտրեն Նախագահ մը եւ Երկիրը կարողանայ վերագտնել իր պետական կայունութիւնը, որ այնքան ալ անհրաժեշտ է, լրջօրէն դիմագրաւելու համար այսօրուան մարտահրաւէրը»։

Ան ապա մէջբերեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ խօսքերը ապա երկրին բոլոր բնակիչները յանձնեց Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի եւ Լիբանանի Տիրամօր հովանիին մաղթելով` որ Փրկութեան Աւետարանը ըլլայ ակնաղբիւր զօրութեան, ուրախութեան ու յոյսի բոլոր մարդոց ու կիներուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2024, 12:20