Որոնել

Summit on peace in Ukraine at the Buergenstock Resort in Stansstad near Lucerne

Խաղաղութեան հասնելու միակ միջոցը բոլոր ներգրաւուած կողմերու միջեւ երկխօսութիւնն է․ Կարդինալ Փարոլին

Երեկ՝ 16 Յունիսին, Զուիցերիոյ մէջ աւարտեցաւ Ուքրանիոյ խաղաղութեան նուիրուած խորհրդաժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 100 Պետութիւններ՝ անոնց շարքին Սուրբ Աթոռը՝ Դիտորդի կարգավիճակով։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Կիրակի՝ 16 Յունիս 2024ին Զուիցերիոյ Պուրկենսթոք քաղաքի մէջ աւարտեցաւ Ուքրանիոյ խաղաղութեան նուիրուած խորհրդաժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 100 Պետութիւններ՝ անոնց շարքին Սուրբ Աթոռը՝ Դիտորդի կարգավիճակով։

«Կարեւոր է կրկնել, որ ճշմարիտ, կայուն եւ արդար խաղաղութեան հասնելու միակ միջոցը բոլոր ներգրաւուած կողմերու միջեւ երկխօսութիւնն է»: Այս շեշտադրումը կատարեց իր ելոյթին մէջ Պետքարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, որ Սուրբ Աթոռի անունով ներկայ գտնուեցաւ Գագաթաժողովին։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մօտիկութիւնը վստահեցնելով «մարտիրոս Ուքրանիոյ»՝ Ծիրանաւորը հաստատեց, որ․ «Սուրբ Աթոռը, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, հաւատարիմ կը մնայ ուքրանական եւ ռուսական իշխանութիւններու հետ կանոնաւոր հաղորդակցութեան պահպանման» եւ միշտ պատրաստակամ է մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն ուղղուած միջնորդութիւններուն համար»:

Վատիկանի դիւանագէտը նշեց նաեւ, որ Սրբազան Քահանայապետը Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան իր շարունակական կոչերու հետ միասին ազգերու ղեկավարներուն կը յորդորէ, որ․ «Կարեւոր է երբեք չի յանձնուիլ պատերազմի եւ անոր ողբերգական հետեւանքներուն դիմաց, այլ՝ շարունակել ուղիներ փնտռել հակամարտութիւնը դադարեցնելու լաւ մտադրութիւններով, վստահութեամբ եւ ստեղծագործ կերպով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2024, 11:04