Կարդինալ Փարոլին կը պատրաստուի մեկնիլ Լիբանան
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Իտալիոյ պատգամաւորներու պալատին մէջ մասնակցեցաւ «Բանակցութիւններ խաղաղութեան համար» վերնագիրով հանդիպումին, որուն աւարտին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին մեկնաբանեց Զուիցերիոյ Լուչերնա քաղաքի մէջ կայացած «Ուքրանիոյ խաղաղութեան» նուիրուած համագումարը, որուն նպատակն է լուծումներ գտնել խաղաղութեան համար։ «Ես շատերէն լսեցի – եւ այս մէկը ինծի հաճոյք պատճառեց – որ` մենք Ռուսաստանի հետ չենք պատերազմիր, այլ այստեղ ենք Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ խաղաղութեան ճանապարհ գտնելու» ըսաւ Վատիկանի Պետական քարտուղարը։ Անդրադառնալով ապա զէնքերու վաճառականութեան ծիրանաւորը նկատել տուաւ որ «չափազանց տնտեսական շահեր կան ու ասոր համար Պապին կոչը անսլելի կը մնայ»։
Վստահութեան պակասը
Ծիրանաւորը դիտել տուաւ, որ այսօրուայ ամենէն մեծ խնդիրը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ «միջազգային մարմինները քիչ եւ կամ ընդհանրապէս չեն աշխատիր», եւ արդարեւ «կայ փոխ վստահութեան բացարձակ պակասը» ընդգծեց Ան դիտել տալով` որ «մէկը միւսին վրայ չի վստահիր եւ այս է պատճառը, որ սովորական սպառազինութիւններու, բայց նաև ադոմական զէնքի զինանոցները կ՛աւելնան» աւելցնելով` որ «Իւրաքանչիւրը կ՝ուզէ վստահ ըլլալ, որ պաշտպանուած է դիմացինէն, որուն այլեւս ոչ վստահութիւն եւ ոչ կարողութիւն կը տրուի ՝ խաղաղութեան եւ յարգանքի վրայ յարաբերութիւններ ունենալու»։
Ճամբորդութիւն դէպի Լիբանան
Կարդինալ Փարոլին անդրադարձաւ նաեւ դէպի Լիբանան կատարելիք իր ճամբորդութեան, զոր նախատեսուած է ընթացիկ ամսոյն աւարտին։
«Որոշ ժամանակէ ի վերջ Հրաւիրուած եմ տեղական Մալթայի Ուխտի կողմէ երթալու եւ այցելելու իրենց գործունէութիւնները, որոնք ընկերային մեծ ազդեցութիւն ունին` կացութեան մը վրայ որ ամբողջութեամբ ճգնաժամային է», ըսաւ Կարդինալը դիտել տալով, որ Լիբանանին ճգնաժամը 360 աստիճանով ճգնաժամ է» եւ թէ «վստահաբար պիտի փորձենք աշխատիլ, ինչպէս միշտ ալ ըրած է Սուրբ Աթոռը, առ նուազն օգնելու որպէսզի կարելի ըլլայ գտնել իշխանութեան հայող լուծումներ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ