Եթէ կարելիութին մը ըլլայ Պապը անմիջապէս Չինաստան կ՝երթայ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 21 յունիսին, Հռոմի Քահանայապետական Ուրպանիանա համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ, Ասիական երկրի մէջ առաջին առաքելական պատուիրակ, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ կամուրջ կառուցող, կարդինալ Չելսօ Քոսթանթինի նուիրուած գիրքին շնորհանդէսը. գիրքը խմբագրած է պատմաբան Պրունօ ֆապիոյի Փիկինի եւ հրատարակուած Marcianum Press տպագրատունէն։
Գիրքին Շնորհանդէսին ներկայ գտնուեցաւ ու ելոյթ ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը։ Ելոյթին մէջ ծիրանաւորը հաստատելով Փեքինի հետ երկխօսութիւնը ու անդադառնալով Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի միջեւ կնքուած ժամանակաւոր համաձայնագիրին նշեց, «Մենք կը փորձենք որոնել լաւագոյն ընթացակարգեր, նաեւ ժամանակին ստորագրուած համաձայնագիրին կիրառման համար, զոր պիտի վերանորոգուի մինչեւ այս տարուայ վերջը եւ կը յուսանք, որ այս ճանապարհը դրական եզրակացութիւններուն կը տանի», ըսաւ կարդինալ Փարոլին աւելցնելով, որ եթէ Չինացիներու կողմէ կարեիլութիւն ընծայուի Ֆրանչիսկոս Պապ անմիջապէս օր մը առաջ Ասիական երկիր կ՝երթայ, որ միշտ մեծ գնահատանք եւ յարգանք ցուցաբերած է անոր ժողովուրդին, անոր պատմութեան եւ մշակոյթին հանդէպ»։
Կարդինալ Փարոլին ապա անդրադարձաւ Կարդինալ Կոսդանդինի անձնաւորութեան նշելով, որ կարդինալ Քոսթանթինին է, որ պնդած է 1924ին, Շանկայի մէջ Սինէնսի եկեղեցական ընդհանուր ժողովը իրականացուի, ժողով մը որ մարգարէական ոգեշնչում եղաւ Վատիկանի Տիեզերական Բ ժողովին եւ հիմքը դրաւ Չինաստանի մէջ եկեղեցւոյ այն աստիճան որ 1963ին, Չինաստանի մէջ եկեղեցին կրցաւ հասնիլ բաղկանալէ 23 եպիսկոպոսներէն, չնայած բազմաթիւ միսիոնարական հաստաութիւններուն։ «Այս եպիսկոպոսները գծեցին առաքելական յաջորդութեան գիծը ներկայի եպիսկոպոսներու համար» ըսաւ կարդինալ Փարոլինը։
Չինացի եպիսկոպոսները Սուրբ Պետրոսի եկեղեցւոյ հետ հաղորդութեան մէջ
Կարդինալ Փարոլին նկատել տուաւ, որ Սուրբ Աթոռի եւ Ասիական ամենամեծ պետութեան հետ յարաբերութիւններու «Կարդինալ Քոսթանթինիի գործելու ուղեգիծը, այսօր այն ուղղութիւնն է, որուն կը հետեւի նաեւ ֆրանչիսկոս Պապը ուղեգիծ մը, որուն հետքերը գտաւ Պենետիկտոս ԺԶ-ի 2007ին, Չինացիներուն ուղղած նամակին մէջ եւ իրականացուեցաւ 2018ին Պեքինի մէջ եպիսկոպոսներուն նշանակման ժամանակաւոր համաձայնագիրով»։
«Մինչեւ այսօր արձանագրուած դրական զարգացումները մեզի յոյս կը ներշնչեն ու անոնց պիտի հետեւին աւելի մեծ զարգացումներ», ըսաւ կարդինալ Փարոլինը մաղթելով, որ «Չինացիներու եւ Կաթողիկէներու նախաձեռնած երկխօսութիւնը ու գործընթացը շարունակուին՝ աւելի մեծ ներդաշնակութիւն առաջացնելու համար, իրենց հովիւներուն առաջնորդութեամբ, լիակատար հաղորդութեամբ Պապին հետ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ