Կարդինալ Քանթալամեսսա դարձաւ 90 տարեկան
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
22 յուլիսին նշուեցաւ քահանայապետական տան քարոզիչ, կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսայի ծննդեան 90-րդ տարեդարձը։ Ծիրանաւորը 44 տարիէ ի վեր քահանայապետական տան քարոզիչն է։ Ան ծիրանաւոր անուանուած է Ֆրանչիսկոս Պապին օրով 28 նոյեմբեր 2020ին։
Քահանայապետական տան քարոզիչը բազմաթիւ գիրքերուն հեղինակ է եւ ճանչցուած է հանրութեան կողմէ տարբեր թերթերու հետ համագործակցութեամբ։ Ան կը պատկանի Քափուչիններու միաբանութեան եւ նախընտրած է չձեռնադրուիլ եպիսկոպոս՝ շարունակելու համար հագուիլ Ֆրանչիսկեաններուն սքեմը։
Կարդինալ Քանթալամեսսա ծնած է Իտալիոյ Ասքոլի Փիչենօ մարզի Քոլլի Տէլ Թրոնթօ գիւղաքաղաքը։ 1946ին, 13 տարեկանին, Տիրոջ կոչումը զգալով մտած է նորընծայարան։ Քահանայ ձեռնադրուած է 19 հոկտեմբեր 1958ին եւ որպէս քահանայ սկսած է ծառայել Լորեթոյի սրբավայրին մէջ։ Աստուածաբանական գիտութեան մէջ մասնագիտացած է Զուիցերիա։
1979ին, կարդինալ Քանթալամեսսա ձգած է ուսուցումի պաշտօնը ամբողջութեամբ նուիրուելու համար քարոզչութեան։ 1980ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը զինք անուանած է քահանայապետական տան քարոզիչ եւ միեւնոյն պաշտօնին վրայ հաստատած են՝ 2005ին, ենետկիկոս ԺԶ Պապը եւ 2013ին, Ֆրանչիսոկոս Քահանայապետը։
Սուրբ Օգոստինոսը կարդինալ Քանթալամեսսային ամենայ շատ սիրած հեղինականերէն մէկն է։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ