Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին. Փալերմոյի եկեղեցին թող պաշտպանէ արդարութեան եւ օրինականութեան գործընթացներն ու ուղիները

Փալերմօ քաղաքին պաշտպան սուրբ, Սրբուհի Ռոզալիայի ծիսական տօնին առիթով Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Փալերմոյի մայր տաճարին մէջ մատուցեց Սուրբ Պատարագ ու Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյններն ու օրհնութիւնները փոխանցեց հաւատացեալներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Իտալիոյ Փալերմօ քաղաքի պաշտպան սուրբ, Սրբուհի Ռոզալիայի աճիւններու յայտնաբերման 4-րդ հարիւրամեակի կապակցութեամբ, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Փալերմոյի մայր տաճարին մէջ մատուցանեց Սուրբ Պատարագ զոր համապատարագեցին, Փալերմօ թեմի եպիսկոպոս, գերապայծառ Լորէֆիչէ եւ Սիկիլիոյ բոլոր եպիսկոպոսները։

10 յուլիսէն սկիզբ առած Սրբուհի Ռոզալիայի նուիրուած տօնակատարութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին մեծ թիւով երիտասարդներ, տարեցներ եւ երեխաներ։

Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնները

Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Կարդինալ Փարոլին Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնները փոխանցելով ըսաւ. «Նորին Սրբութիւնը այս առիթով իր պատգամը կը յղէ ձեզի եւ ես ուրախ եմ անձամբ ձեզի փոխանցել Անոր ողջոյնները։ Քահանայապետը սրտանց կը միանայ Փալերմօ թեմի ժողովուրդի ուրախութեան, որոնք այսօր հոս եկած են լուսաւորուելու համար Սրբուհի Ռոզալիայի իմաստութենէն։

Սրբուհի Ռոզալիայի վկայութիւնը

«Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ հաւատքի վկայութիւնը Սրբուհի Ռոզալիան կը կապէ Սիկիլիացի միւս այր մարդիկ եւ կին սուրբերուն, որոնք Սիկիլիոյ եկեղեցւոյ քրիստոնէական սերմը մշակեցին եւ մենք այսօր՝ պտուղը այդ պտղաբեր սերմին, կը ոգեկոչենք այդ վկաներէն մէկուն յիշատակը, Սրբուհի Ռոզալիան՝ երախտագիտութեան զգացումներով յարգելու համար օրինակելի վկայութիւնը եւ աղերսելու Աստուածային օրհնութիւնը Փալերմոյի եկեղեցւոյ վրայ» ըսաւ Կարիդնալ Փարոլինը։

Խթանել երկխօսութեան եւ բանականութեան մշակոյթը

«Սրբուհի Ռոզալիայի մասունքները, 1624ին, թափօրով փոխադրուեցան դէպի քաղաքը, զոր մաքրուեցաւ, ազատուեցաւ ժանտախտի լուրջ համաճարակէն»,  ըսաւ Փարոլին, հրաւիրելով հաւատացեալները հարց տալու, թէ  այսօր որ համաճարակը կը պարուրէ Փալերմօ քաղաքն ու աշխարհը, որ շատ կարիքը ունի հաւատքի եւ ճշմարտութեան փորձառութեան հետ առերեսուելու։ Կարդինալ Փարոլին ապա հրաւիրեց « այս տօնակատարութեան ընթացքին ձեռք բերենք աւետարանական սթափութեան եւ ծառայութեան ուժեղ զգացումը, Որոնք Սրբուհի Ռոզալիային կողմէ մարմնաւորուած արժէքներ են»։ հրաւիրեց նաեւ զարգացնել երկխօսութեան եւ բանականութեան մշակոյթը Փալերմօ քաղաքը աւելի աւելի հիւրընկալ եւ գեղեցիկ դարձնելու համար։

«Երկիրը առանց երկինքի ցեխ է, սակայն երկիրը երկինքին հետ պարտէզ կը դառնայ։ Եկէք յաղթահարենք համակերպութիւնը, օգտագործենք մեր սիրտի եւ միտքի լաւագոյն հարստութիւնները։ Համագործակցութեամբ, անտարբերութեամբ, առատաձեռնութեամբ քաղաքը կարելի է դարձնել անվտանգ, ուշադիր աղքատութիւններուն նոր ձեւերուն պայքարին մէջ, հաւատարիմ հիւրընկալ համայնքի իր աւանդութեան», ըսաւ կարդինալ Փարոլին քարոզի աւարտին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2024, 11:23