Կարդինալ Ռուինի աւելի հանգիստ վիճակի մէջ է ու հիւանդանոցէն դուրս ելաւ
Հռոմի Ճեմելլի հիւանդանոցի հրատարակած հաղորդագրութենէն իմացանք, որ կարդինալ Քամիլլօ Ռուինին հիւանդանոցէն դուրս ելաւ եւ իր տան մէջ պիտի շարունակուի իր ապաքինումը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հռոմի Ճեմելլի Փոլիքլինիքօ հիւանդանոցի հրապարակած հաղորդագրութենէն իմացանք, որ 15 յուլիսին, կարդինալ Ռուինին, հիւանդանոցէն դուրս ելաւ ու իր տունը փոխադրուեցաւ։
Կարդինալ Ռուինի անցեալ 6 յուլիսին հռոմի Փոլիքլինիքօ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ սիրտի կապուած հարցերու պատճառաւ։ Հիւանդանոցին մէջ սրտաբանները pace-maker գործիքը դրին կարդինալին՝ սիրտի տրոփումը կայունացնելու համար։
Երեկ, Փոլիքլինիքօ հիւանդանոցի հրապարակած հաղորդագրութենէն իմացանք, որ 15 յուլիսին, կարդինալ Ռուինին հանգիստ վիճակի մէջ է ու հիւանոցէն դուրս ելաւ ու փոխադրուեցաւ իր բնակարանը՝ ապաքինումը հոն շարունակելու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
16/07/2024, 12:39