Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Windsor» ի մէջ «cricket»ի մրցախաղի առիթով
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Անցեալ չորեքշաբթի օր` 3 Յուլիսին, Վատիկանի «cricket»ի խումբը ժամանեց Անգլիոյ Չարլզ Թագաւորի «Windsor» պալատ, ուր հանդիպեցաւ King's XI խումբին, որ կազմուած էր Թագաւորի ընտանիքի անդամներէն, որոնք մրցախաղը շահեցան 99ն 9ի դէմ հաշիւով:
Հանդիպումը Վատիկանի խումբի «Հաւատքի լոյս» շրջագայութեան գագաթնակէտը եղաւ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ։
Մրցախաղէն առաջ Հայր Էմոն Օ՛Հիկկինսը, Վատիկանեան խումբի տնօրէնը, կարդաց այս առիթով Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող Ֆրանչիսկոս Պապին ուղարկած պատգամը, ուղղուած Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մենտոնսայի, Վատիկանեան Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչին։
Պատգամին մէջ Սրբազան Պապը իր ողջոյնները ուղարկելով երկու խումբերուն յոյս յայտնեց, որ այս ձեռնարկը առիթ ըլլայ «կառուցելու եղբայրական զօրակցութեան կամուրջներ, խթանելու քրիստոնեաներու միութիւնը եւ յառաջ տանելու բարեգործական վեհանձն նախաձեռնութիւններ՝ ի սպաս ամենակարիքաւոր եղբայրներուն»։ Նոյնը ըրաւ նաեւ Չարլզ Թագաւորը, որ պատգամին մէջ ընդգծեց, թէ այս մէկը թագաւորական խումբի ու Վատիկանի խումբի միջեւ չորրորդ խաղն է, իր ուրախութիւնը արտայայտելով, որ երկու կողմերը անգամ մը եւս միացած են «cricket» ի խաղի սիրոյն միջոցաւ։
Հայր Օ՛ Հիկկինսը ապա Կարդինալ Տէ Մենտոնսային ստորագրութիւնը կրող նամակ մը ու մետալ մը յանձնեց Տիար Ժոն Սբուրլինկին, Բրիտանացի գործարար ու Վատիկանի «cricket»-ի խումբին հովանաւորը։
Նամակին մէջ Ծիրանաւորը շնորհակալութիւն յայտնեց Սփուրլինկին «առատաձեռնութեան համար», ընդգծելով նաեւ Վատիկանի խումբի «մարզանքի դիւանագիտութեան» կարեւորութիւնը, իրականութեան մը դիմաց, զոր Ֆրանչիսկոս Պապ որակած է «մաս մաս կատարուած Գ Համաշխարհային պատերազմ»։
Կարդինալ Տէ Մենտոնսային արձագանգեց նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ Միացեալ Թագաւորութիւններու դեսպանը` վսեմաշուք Քրիս Թրոթը, որ հաստատեց, թէ «մարզանքը կը կառուցէ բարեկամութիւնները եւ կը շրջանցէ պատնէշները եւ այս խաղը անոր տեսանելի օրինակն է»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ