Որոնել

Պրէշիայի մէջ Մոնթիքիարի Տիրամայրը Պրէշիայի մէջ Մոնթիքիարի Տիրամայրը 

Ֆոնթանելլէ Տիրամօր հոգեւոր փորձառութեան նկատմամբ «կանանչ լոյս»

Հաւատոյ վարդապետութեան վերատեսչութեան, Ֆրանչիսկոս Պապին հաւանութեամբ, Պրէշիա թեմի եպիսկոպոսին ուղղարկուած նամակը, Ֆոնթանելլէ Տիրամօր հոգեւոր փորձառութեան նկատմամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հիմնուելով նոր կանոնադրութիւններու վրայ՝ Հաւատոյ վարդապետութեան վերատեսչութիւնը հրապարակեց դրական կարծիքը Մոնթիքիարի Տիրամօր մասին, ֆրանչիսկոս Պապին հաւանութեամբ, եպիսկոպոս Թրեմոլատայի ուղղած նամակի միջոցաւ։

Հաւատոյ վարդապետութեան վերատեսչութիւնը« Փիերինա Ճիլլիի տարածած պատգամին մէջ չէ գտած ոչ մէկ այնպիսի տարրեր, որոնք ուղղակիօրէն կը հակասեն հաւատքի եւ բարոյականութեան վերաբերեալ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ուսմունքին» կը կարդանք հրապարակուած նամակին մէջ, որ ստորագրուած է Վերատեսուչ Վիքթոր Մանուէք Ֆերնանտեզի կողմէ, Ֆրանչիսկոս Պապին գրաւոր հաւանութեամբ եւ ուղղուած Պրէշիա թեմի եպիսկոպոս գերապայծառ Փերանթոնիօ Թրեմոլատայի։

Խօսքը կը վերաբերի Մարիա Ռոզա Միսթիքայի բարեպաշտութեան եւ այն հաղորդագրութիւններուն, որոնք գուշակ Փիերինա Ճիլլին կը պատմէ, թէ ստացած է Տիրամայրէն՝ 1947ին եւ 1966 թուականին։ «Այս հոգեւոր փորձառութեան հետ կապուած փաստերուն մէջ» կը կարդանք միշտ նամակին մէջ,«չկայ բարոյական բացասական երեւոյթներ կամ ալ այլ հարցեր։ Հաւանական է գտնել այլ կէտեր որոնք կը յայտնուին ուղերձներու միասնութեան մէջ եւ ուրիշ երեւոյթները որոնք արժանի են պարզաբանումի՝ թիւրիմացութիւններէն խուսափելու համար»։

Ֆոնթանելլէ Տիրամօր հոգեւոր փորձառութեան նկատմամբ «կանանչ լոյսը» տեղի կ՝ունենայ\ անցեալ 17 մայիսին թողարկուած ենթադրեալ գերբնական երեւոյթներուն բացայայտման նոր կանոններուն վրայ, որոնց համաձայն զատորոշումի հիմնական նպատակը այլեւս երեւոյթի հնարաւոր գերբնական բնոյթը հաստատելը չէ , այլ առ աւելի գնահատելն է վարդապետական եւ հովուական տեսանկիւնէն թէ ինչ բխած է այդ տարածումէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/07/2024, 10:31