Ամսթերտամի «Բոլոր Ժողովուրդներու Տիրամայրը»․ Պօղոս Զ Քահանայապետը հաստատած էր բացասական վճիռը
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատեսչութիւնը այսօր՝ 11 Յուլիս 2024ին տարածած է Յայտարարութիւն, ուր կը նշուի, որ՝ «ի տես 1945-1959 թուականներուն Ամսթերտամի մէջ ենթադրեալ տեսիլքներէն ու բացայայտումներէն առաջացած մշտական կասկածներու, որոնք կ’առնչուին «Բոլոր ժողովուրդներու Տիրամօր» նուիրուածութեան, Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատեսչութիւնը կը հանրայնացնէ 1974 թուականի 27 Մարտին կայացած՝ այդ ժամանակուայ Հաւատոյ Վարդապետութեան Ժողովի Սովորական Նիստի արդիւնքները»։
Նիստի անդամ կարդինալները միաձայն կերպով հաստատած էին Ամսթերտամի մէջ «Բոլոր Ժողովուրդներու Տիրամօր» ենթադրեալ տեսիլքներու «ոչ գերբնականութիւնը»։ Այդ բացասական եւ վերջնական վճիռը «5 Ապրիլ 1974ին վաւերացուցած էր Պօղոս Զ Սրբազան Քահանայապետը ՝ Հաւատոյ Վարդապետութեան Ժողովի Նախագահ Կարդինալ Ֆ. Շեփերին շնորհած ունկնդրութեան ատեն», կը նշուի ապա վերոնշեալ Յայտարարութեան մէջ, ուր կը մէջբերուի նաեւ համապատասխան վճիռը.
«1. Ինչ կը վերաբերի վարդապետական դատողութեան՝ միաձայն «կը հաստատուի ոչ գերբնականութիւնը»:
2. Ինչ կը վերաբերի երեւոյթի հետագայ ուսումնասիրութեան. Միաձայն՝ «բացասական»։
Աւելցնենք, որ տարիներ ետք՝ 1996 թուականին, Հաարլեմ-Ամսթերտամի Եպիսկոպոսը՝ խորհրդակցելով Սուրբ Աթոռին հետ, արտօնած էր «Բոլոր Ժողովուրդներու Տիրամօր» պաշտամունքը, առանց սակայն ճանչնալու ենթադրեալ տեսիլքները։ Իսկ 30 դեկտեմբեր 2020ին Հաարլեմի նոր Եպիսկոպոսը՝ համաձայնութեամբ Հաւատոյ Վարդապետութեան Ժողովին, հաստատած էր, որ «աստուածաբանօրէն թոյլատրելի է «Սուրբ Մարիամի համար «Բոլոր Ժողովուրդներու Տիրամայր» տիտղոսին օգտագործումը», այդուամենայնիւ, այդ «ճանաչումը պէտք չէ ընկալել որպէս որոշ երեւոյթներու գերբնականութեան ճանաչում՝ անգամ անուղղակի կերպով», հաշուի առնելով որ Ժողովը այդ կապակցութեամբ յայտնած է «բացասական կարծիք», որ «հաստատուած է Պօղոս Զի կողմէ» 1974 թուականին։
Ենթադրեալ տեսիլքները կը կապուին հոլանտուհի Իտա Պիտերմանի անուան հետ, որ ծնած է Ալքմաարի մէջ, 1905 թուականին։ 8 տարեկանէն որբ մնացած է մայրէն, կեանքի հիմնական մասը ապրած է Ամսթերտամ, ուր եւ մահացած է 1996 թուականին: Առաջին ենթադրեալ տեսիլքի մասին Իտան պատմած էր 25 Մարտ 1945ին, Ամսթերտամի Հաղորդութեան հրաշքի 600 ամեակի օրը։ Անոր հետեւած էին եւս 55 ենթադրեալ տեսիլքներ՝ վերջինը՝ 1959ին։ Այդ 14 տարիներու ընթացքին, ըստ Իտայի պատմութիւններու, Տիրամայրը իրեն տարբեր իրադարձութիւններ բացայայտած է, ինչպէս օրինակ Պիոս ԺԲ Քահանայապետի մահը։ Բացի այդ ենթադրեալ գուշակի նկարագրութեամբ նկարիչ Հենրիխ Ռեփքէն Տիրամօր պատկերած է։ Նկարը այսօր կը պահպանուի Ամսթերտամի հարաւային հատուածի մէջ գտնուող մատուռի մը մէջ։
Իտային հաղորդած պատգամներու շարքին, 8 Դեկտեմբեր 1952ին Սուրբ Աստուածածինը իբրեւ թէ խնդրած է, որ Եկեղեցին ճանչնայ Սուրբ Կոյս Մարիամի վարդապետութիւնը որպէս «համափրկիչ»: Այս առնչութեամբ կարելի է յիշել, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին առնուազն երկու արտայայտութիւնները․
3 Ապրիլ 2020ին Սանթա Մարթայի մէջ նախագահած Սուրբ Պատարագի քարոզի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը նշած էր, որ․ «Տիրամայրը չ’ուզեր Յիսուսէն որեւէ տիտղոս խլել... Չէ խնդրած գրեթէ-փրկիչ կամ համա-փրկիչ ըլլալ՝ ոչ: Կա միայն մէկ Փրկիչ, եւ այս կոչումը կարելի չէ, որ կրկնապատկուի»:
2 Մարտ 2021ին Ընդհանուր Ունկնդրութեան ժամանակ Քահանայապետը կրկնած էր՝ հաստատելով. «Քրիստոսը միակ Փրկիչն է. Քրիստոսի հետ համափրկիչներ չկան»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ