Որոնել

Վատիկանի Սրբուհի Աննա եկեղեցւոյ մէջ պատարագ Վատիկանի Սրբուհի Աննա եկեղեցւոյ մէջ պատարագ  (Lorena Leonard)

Սրբուհի Աննա Քահանայապետական ժոովրդապետութեան մէջ պատարագներ Սրբուհի Աննայի տօնին առիթով

Ըստ աւանդութեան, Մարիամի հօր անունն էր Յովակիմ եւ մօրը անունը` Աննա. Սուրբ Աւետարաններուն մէջ չկայ յիշատակութիւնը անոնց անուան, սակայն, անոնց ինքնութիւնը մեզի հասած է ոչ-կանոնական աւետարաններու ընդմէջէն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր` 26 Յուլիս 2024ին ըստ Լատինաց տօնն է Սրբուհի Աննայի եւ Սուրբ Յվակիմի` Յիսուսին մեծ մօր ու մեծ հօր` Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ ծնողաց։

Օրուան առիթով Վատիկանի Սրբուհի Աննա Քահանայապետական ժողովրդապետութեան մէջ օրուան զանազան ժամերուն նախատեսուած են պատարագներ, որոնցմէ մին պիտի մատուցէ Կարդինալ Ռոպերթ Փրեվոսէը` Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը, մինչ երեկոյեան ժամը 6ին նախատեսուած եզրափակիչ սուրբ պատարագը պիտի գլխաւորէ Կարդինալ Անճելօ Քոմասթրին` Վատիկան Քաղաքի երբեմնի ընդհանուր տեղակալը։

Սրբուհի Աննա

Ըստ աւանդութեան, Մարիամի հօր անունն էր Յովակիմ եւ մօրը անունը` Աննա. Սուրբ Աւետարաններուն մէջ չկայ յիշատակութիւնը անոնց անուան, սակայն, անոնց ինքնութիւնը մեզի հասած է ոչ-կանոնական աւետարաններու ընդմէջէն։

Ընդհանուր առմամբ Եկեղեցին աւելի նախընտրաբար կը յիշատակէ Սրբուհի Աննան, Մայրը Մարիամ Աստուածածնի. Անոր ընծայուած սրբավայրերն ու ուխտատեղիները բազմաթիւ են բոլոր աշխարհի մէջ, սակայն ոչ այնքան հայ ժողովուրդի մօտ։

Ամենամեծ սրբավայրերէն կը նկատուի ֆրանսայի Պրըթանյը գաւառին մէջ գտնուող Սրբուհի Աննայի ուխտատեղին։ Ան գոյութիւն ունի միջին դարէն ի վեր, երբ Աննա Պրըթանյի իշխանուհին, որ հետագային ֆրանսայի թագուհի պիտի ըլլար, կը հաստատէ անոր ջերմեռանդութիւնը շրջանին մէջ։ Նոյնպէս Սրբուհի Աննայի կարեւորագոյն սրբավայրերէն մին կը սեպուի Գանատայի Քէպէք քաղաքի մօտ կառուցուած հսկայ ուխտատեղին, որու անունով կը կոչուի նոյն գիւղաքաղաքը, Սէնթ Անն տը Պօբրէ։

Ամէն տարի Սրբուհի Աննայի տօնին, որ լատինաց մօտ 26 Յուլիսին կը պատահի, Ամերիկայի ամէն կողմէն հոն կը փութան հաւատացեալները, պատուելու Տիրոջ մեծ մայրը` Սրբուհի Աննան. Նոյն ատեն բնիկ հնդիկներ կը հասնին բազմաթիւ գունագեղ նաւակներով եւ իրենց տարազներով կը ճոխացնեն հանդիսութիւնները Սրբուհիին։

 Յայսմաւուրքը

Քրիստոնէական եկեղեցիները իրենց աւանդութեանց լեզուով յաճախ կը խօսեցնեն նաեւ պարականոն աւետարանները, որոնք թէեւ Ս. Գիրքի Կանոնին մէջ չեն ընդունուած, սակայն անոնց պարունակած նիւթերէն շատեր, մանրամասնութեամբ անցած են տարբեր եկեղեցիներու աւանդութեանց էջերուն մէջ: Այդպիսի գիրք մըն ալ ունի մեր եկեղեցին, որ իր կրօնական գիրքերուն ամէնէն հաստափորն է, ամէնէն մեծածաւալը, որուն անունը ծանօթ է շատերուն վստահաբար՝ «Յայսմաւուրք»

«Յայսմաւուրք»ը կը պատմէ, որ Ս. Մարիամի հայրը՝ Յովակիմը, տօնական օր մը իր ընծան Աստուծոյ մատուցելու համար երբ տաճար կ՛երթայ, քահանաներէն մէկը չընդունիր անոր ընծան՝ ըսելով, թէ իրաւունք չունի տաճարին ընծայաբերելու անձ մը, որ Իսրայէլի զաւակ չէ տուած: Շատ վիրաւորուելով այս վերաբերումէն՝ տուն կը վերադառնայ. Աննա կ՛իմանայ անոր սրտին ցաւը ու լալով կը դիտէ ճնճղուկները, որոնք իրենց տան դիմացի ծառին վրայ բոյն շինած՝ իրենց ձագուկները շուրջերնին առած կը ճռուողէին: Աննա աղօթելով կ՛ըսէ. «Տէր Աստուած, մենք այս չնչին ճնճղուկներուն չափ անգամ չկանք: Յիշէ՛ քու ծառաներուդ տառապանքը եւ վերջ տուր անոնց ցաւին»: Եւ ապա ինքնիրեն կ՛ուխտէ ըսելով. «Եթէ զաւակ ունենամ, Աստուծոյ պիտի ընծայեմ զայն, թող ծառայէ Անոր, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին»:


Եւ Աստուած կը լսէ անոնց աղօթքը: «Յայսմաւուրք»ը այնուհետեւ հռետորաբանելով ամուլ Աննայի յղութիւնը եւ Մարիամի ծնունդը՝ երկար շարք մը բարիքներ կը թուէ՝ ըսելով, թէ անով բոլոր ազգերը օրհնուեցան, անով Եւան ալ օրհնուեցաւ, անով Ադամին տրուած անէծքը վերցուեցաւ, կիներու երկունքը լուծուեցաւ, ամբողջ աշխարհին շնորհք սփռուեցաւ, անէծքը օրհնութեան փոխուեցաւ, Աստուած մեզի հետ հաշտուեցաւ, եւ այլն:

Իսկ Յովակիմ, իր անսահման ուրախութեան մէջ, երբ Մարիամ մէկ տարեկան կ՛ըլլայ, խնճոյք կը սարքէ, ու մինչեւ իսկ կը կանչէ քահանայապետը, որ իր գիրկը առնելով մանուկը՝ մարգարէանալով կ՛ըսէ. «Տէր Աստուած, անուանի ըրէ այս մանկիկը բոլոր ազգերուն մէջ մինչեւ յաւիտեան»:

Ուխտի զաւակ Մարիամ

Իրենց կատարած ուխտին համաձայն, Յովակիմ եւ Աննա իրենց դուստրը տաճարին կ՛ընծայեն եօթը տարեկանին, ուր կը մնայ եօթը տարիներ: «Յայսմաւուրք»ը կ՛աւելցնէ ըսելով, որ այնքան նուիրուած էր աղօթքի եւ Ս. Գիրքերու ընթերցանութեան, որ այլեւս իր հայրն ու մայրը չէր յիշեր: Ուխտի շրջանը աւարտելով՝ եօթներորդ տարին դուրս կու գայ տաճարէն, եւ յաջորդ տարին կը նշանուի Յովսէփի հետ: 15 տարեկանին կը ծնի Յիսուսը: Իր Որդւոյն խաչելութեան արդէն 48 տարեկան էր, իսկ երբ վախճանեցաւ՝ վաթսուն տարեկան: Ուրեմն՝ Ս. Կոյսը Յիսուսի Համբարձումէն ետք միայն տասներկու տարիներ ապրեցաւ երկրի վրայ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2024, 11:04