Որոնել

Ինտոնեզիա, աղքատութիւն Ինտոնեզիա, աղքատութիւն  (ANSA)

Գերպ Քաչիա. Արմատական գործողութիւններով արմատախիլ ընել աղքատութեան գայթակղութիւնը

Արք Քաչիա. Այսօր ամբողջ աշխարհի մէջ թերսնման տագնապալի մակարդակ կայ։ Տնտեսական տագնապները, կլիմայի փոփոխութիւնները եւ պատերազմները կը սրեն միլիոնաւոր մարդկանց խոցելիութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդ, արք Կապրիելէ Քաչիա ելոյթ ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ ընկերային եւ տնտեսական խորհուրդի կողմէ նախաձեռնուած կայուն զարգացման վերաբերեալ՝ բարձր մակարդակի ժողովին։

Ելոյթին սկիզբը արքեպիսկոպոսը շեշտեց ըսելով «Պէտք ենք իրականացնել պարտքի վերակառուցման ռազմավարութիւնները՝ որոնք զարգացող երկիրներուն կու տան «հարկային անհրաժեշտ տարածք՝ իրենց ժողովուրդներու մէջ ներդրումներ կատարելու համար», ըսաւ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի դիտորդ Արք Կապրիլէ Քաչիա։

Վատիկանի դիւանագէտը ելոյթին մէջ դիտել տուաւ, որ եթէ ներկայի միտումները շարունակուին, աշխարհի երկիրներու միայն մէկ երրորդը պիտի կրճատեն ազգային աղքատութիւնը յառաջիկայ վեց տարիներու ընթացքին, ինչպէս պահանջուած է ՄԱԿ-ի 2030ի օրակարգի կայուն զարգացման նպատակներէն

Գերապայծառ Քաչիա դիտել տուաւ, որ գայթակղեցուցիչ իրականութիւնը այն է որ աղքատութեան բազմաչափ երեւոյթներուն դիմակայելու պարտաւորութիւնը, անհասանելի են շատ մը զարգացող երկիրներուն, որոնք ստիպուած են թանկարժէք հարստութիւնները շեղելու դէպի անկայուն պարտքերու վերադարձ։

Յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին կոչերը ամենահարուստ երկիրներուն, որպէսզի որոշեն ներել այն երկիրներու պարտքերը որոնք չեն կրնար վճարել, գերապայծառ Քաչիա օրինակ բերաւ « պարտքի վերակառուցման ռազմավարութիւններուն իրականացումը, որոնք կ՝ապահովուեն զարգացող երկիրներուն անհրաժեշտ հարկային տարածք՝ ներդրումներ կատարելու համար իրեն ժողովուրդներուն մէջ։

Միաժամանակ արք Քաչիա նշեց որ այսօր ամբողջ աշխարհի մէջ թերսնման տագնապալի մակարդակ կայ։ Տնտեսական տագնապները, կլիմայի փոփոխութիւնները եւ պատերազմները կը սրեն միլիոնաւոր մարդկանց խոցելիութիւնը, « հեռացնելով աշխարհի ՝առանց սովի տեսլականը։

Այս արտակարգ միջավայրը լուծելու ջանքերու մէջ, ըսաւ Գերապայծառ Քաչիա ոչ պետական դերակատարներուն դերը կը մնայ կեդրոնական, որոնց շարքին Կաթողիկէ եկեղեցին, որ բազմաթիւ կազմակերպութիւններուն եւ նախաձեռնութիւններու բարեսիրական ընկերակցութիւններուն միջոցաւ ներկայ է դաշտին մէջ՝ ոչ միայն սնունդի ամենօրեայ բաշխումով։

Գերապայծառ Քաչիա խօսքը եզրափակեց հրամայական նկատելով գործել անհրաժեշտութեան նոր զգացումով՝ թեթեւցնելու համար սովը, փոխակերպելու համար սննդի համակարգերը եւ ապահովուելու համար «կայունութիւն, ճկունութիւն եւ հաւասարութիւն» սննդի արտադրութեան եւ բաշխման մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/07/2024, 12:26