Որոնել

2024.07.06 Mons. Gallagher (Manila, 5 luglio 2024)

Իրական պաշտպանութիւնը ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան հաստատումն է.Գերապայծառ Կալլակեր

Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութիւնը այսօրեայ միջազգային ասպարէզէն ներս․ Այս նիւթի շուրջ խօսեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններուն եւ Միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններու Քարտուղարը՝ Ֆիլիփինեան թերակղզի իր այցելութեան ընթացքին՝ ընդգծելով ազգերու միջեւ «կամուրջներ կառուցելու» կարեւորութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

«Մաս-մաս երրորդ համաշխարհային պատերազմին» ի տես, զոր  կը քայքայէ աշխարհի տարբեր հատուածները, «էական է հասկնալ, որ պաշտպանութիւնը ոչ միայն ռազմական հզօրութեան, այլեւ հաստատութիւններուն աջակցութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ համաձայնութիւններու խթանման խնդիր է». Այս միտքը ընդգծեց Սուրբ Աթոռի Պետութիւններուն եւ Միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններու Քարտուղար Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերը, անցեալ ուրբաթ՝  5 Յուլիսին Բասայ Սիթիի Արտաքին ծառայութեան հաստատութեան նստավայրի մէջ ունեցած դասախօսութեան ընթացքին՝ աւարտելով Ֆիլիփինեան թերակղզի իր հնգօրեայ այցելութիւնը։

Յաղթահարել բաժանումները

Ներկայացնելով Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութիւնը ժամանակակից միջազգային ասպարէզի մէջ եւ վերահաստատելով անոր ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին դիրքորոշումը՝ Գերապայծառը ընդգծեց, որ այսօր յաղթանակի կամ պարտութեան մասին խօսիլը «իրատեսական չէ»։ Անհրաժեշտ է «հաստատել նոր եւ արդար կարգ», որ յաղթահարէ բաժանումները եւ ուղղուած ըլլայ մարդկային արժանապատուութեան ճանաչմանը։

Սուրբ Աթոռը, ըստ Կալլակերի, «կարեւոր անդրազգային դերակատար է» եւ «ինքնիշխան ու անկախ բարոյական իշխանութիւն», որ կարող է «կամուրջներ կառուցել այնտեղ, որտեղ միւսները միայն անյաղթահարելի բաժանումներ կը տեսնեն»:

Առաջնահերթութիւն տալ ողջ մարդկութեան բարօրութեանը

Աշխարհի տարբեր հատուածներու մէջ հակամարտութիւններու, սպառազինութիւններու մրցավազքի, միջուկային սպառնալիքի եւ ահաբեկչութեան պայմաններու մէջ, Սուրբ Աթոռի՝ «դրական չէզոքութեամբ» բնութագրուող դիւանագիտական ​​մօտեցումին նպատակն է «առաջնահերթութիւն տալ ողջ մարդկութեան բարօրութեանը, պաշտպանել մարդկային արժանապատուութիւնը եւ աջակցիլ կայուն խաղաղութեանը»:

Ֆրանչիսկոս Պապը՝ Վատիկանի դիւանագիտութեան առաջնային դերակատար

Պետութիւններուն եւ Միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններու Քարտուղարը յատուկէն անդրադարձաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապի կերպարին, Անոր մշտական ​​նուիրուածութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեանը, մարդկային համապարփակ զարգացմանը, հասարակաց տան խնամքին, խաղաղութեան պաշտպանութեանը, որոնք, յիրաւի, զԻնքը կը դարձնեն Վատիկանի դիւանագիտութեան «առաջնային դերակատար»։

Շօշափելի լուծումներ փնտռել

Քահանայապետական դիւանագիտութեան «բարոյական պատասխանատուութիւնը» արտայայտուած է բազմաթիւ ոլորտներէն ներս՝ մարդկային կեանքի պաշտպանութիւն բեղմնաւորումէն մինչեւ բնական մահ, Արարչագործութեան պաշտպանութիւն, «թափօնի մշակոյթի» եւ «անտարբերութեան համաշխարհայնացման» դէմ պայքար, նկատել տուաւ ապա Վատիկանի Պաշտօնեան՝ հաստատելով, որ այդ ամէնը կը տեղաւորուի «քրիստոնէական իրատեսութեան» հորիզոնի մէջ, որտեղ «միջազգային յարաբերութիւններու ղեկավարման արուեստը ամուր արմատներ ունի իրական աշխարհի մէջ՝ շօշափելի լուծումներ փնտռելով», զոր կը նշանակէ «առաջնահերթութիւն տալ ազգերու բարեկեցութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան», այլ ոչ թէ իշխանութեան կամ անձնական շահերուն։

Կրօնի ազատութիւնը հիմնարար է հակամարտութիւնները կարգաւորելու համար

Արքեպիսկոպոսին յաջորդ շեշտադրումը եղաւ կրօնական ազատութեան հայող խնդիրը․ «Սուրբ Աթոռը կը պնդէ, որ կրօնական ազատութիւնը ոչ միայն մարդու իրաւունք է, այլեւ կենսական ճանապարհ» դէպի «համաշխարհային խաղաղութիւն», որ «հիմնարար դեր կը խաղայ հաշտեցման եւ հակամարտութիւններու ոչ բռնի լուծման գործին մէջ»:

Քահանայապետերուն Ֆիլիփիններ այցելութիւնները

Գերապայծառ Կալլակերը, ի վերջոյ, յիշեց 1991-1995 թուականներուն Մանիլայի մէջ Սուրբ Աթոռի Առաքելական Նուիրակութեան մէջ ունեցած ծառայութիւնը՝ որպէս Խորհրդական, ինչպէս նաև Քահանայապետերուն չորս այցերը Ֆիլիփիններ (Սուրբ Պօղոս Զ՝ 1970ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ՝ 1981ին եւ 1995-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ՝ 2015ին) եւ իր խօսքը եզրափակեց՝ խրախուսելով Ֆիլիփինեան Թերակղզին շարունակելու իր դերը, որպէս Ասիոյ «տարածաշրջանային համագործակցութեան» խթանող եւ «աւելի մարդասիրական եւ ներառական հասարակութեան կերտող»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2024, 11:59