Որոնել

2024.03.28 TERRA SANTA GUGEROTTI

Կարդինալ Կուճերոթթի. Շատ ուրախ էինք, որ ROACO-ի համաժողովին արծարծուեցաւ Արցախի տեղահաններուն հարցը

Ֆրանչիսկոս Պապը շատ քնքուշ խօսքեր վերապահեց Սրբազան Սարոյանին, և ան զգաց մեծ աջակցութիւն, զգաց` որ միայնակ չէ փախստականներուն օգնելու իր ջանքերուն մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

ROACO-ն` որ Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան բարեսիրական հաստատութիւնները կը համախմբէ, անցեալ օրերուն գումարեց իր 97րդ Լիանիստ հաւաքը, որուն ընթացքին արծարծուեցաւ նաեւ Արցախի տեղահաններուն հարցը, շնորհիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակի վարչական խորհուրդի Ատենապետ` Գերաշնորհ Գէորգ Եպս. Սարոյեանի, որ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթիի հրաւէրով իր մասնակցութիւնը բերաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան բարեսիրական հաստատութիւններու վերոնշեալ հաւաքին, զեկոյց ներկայացնելով Արցախահայութիւնը յուզող մարտահրաւէրներու վերաբերեալ։

Հաւաքի վերջին օրը Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց բոլոր ժողովականներուն ու այդ առիթով Գերաշնորհ Գէորգ Եպս. Սարոյեան առանձնազրոյց ունեցաւ Քահանայապետին հետ, որ ինչպէս յայտնեց նոյնինքն Կարդինալ Կուճերոթթին, Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի ժամանակ. «Ֆրանչիսկոս Պապը շատ քնքուշ խօսքեր ունեցաւ անոր նկատմամբ, և ան զգաց մեծ աջակցութիւն, զգաց որ միայնակ չէ փախստականներուն օգնելու իր ջանքերուն մէջ»։

Կարդինալ Կուճերոթթի ապա նշեց, որ «իրենք մեծ ուրախութեամբ ընդունած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսի ներկայութիւնը` դիմագրաւելու համար Ղարաբաղի փախստականներու խնդիրը»:

«Անոնք բոլորն ալ Հայաստան կը գտնուին, փոքր մաս մը Ռուսաստան ազգականներու մօտ։ Անոնցմէ շատերը հիւրընկալուած են ընտանիքներու մօտ... Տեղական Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին շատ փոքր ու դիւրաբեկ է այս պահուն։ Ասոր համար է, որ դիմեցինք առաքելական եկեղեցւոյ մեր Հայ եղբայրներուն» ըսաւ ի միջի այլոց Ծիրանաւորը մատնանշելով, որ իրենք տեղեկացան իրողութեան ու այդ փախստականներուն օգնութիւն մատուցելու ծրագիրներուն։

Կարդինալ Քլուատիօ Կուճերոթթին վերոնշեալ հարցազրոյցը սկսած էր անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապին ունկնդրութեան առիթով արտասանած ճառին ու մեկնաբանելով Անոր խօսքերը, յատկապէս շեշտը դնելով Նորին Սրբութեան պատերազմ հրահրողներուն ուղղած կոչին վրայ. «Կանգ առէք», եւ ասկէ մեկնելով հաստատեց, թէ ինք կը հաւատայ, որ Ֆրանչիսկոս Պապին բոլոր Քահանայապետութիւնը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ խաղաղութեան խնդրանք։

Անդրադառնալով հուսկ աշխարհը յուզող զանազան հարցերուն ու յատկապէս պատերազմներուն ու հակամարտութիւններուն Կարդինալ Կուճերոթթին նշեց, թէ «կարելի չէ որ մարդիկ փրկուին հետեւելով հեռուստակայանի լուրերուն փոխանակ քարոզի մը...մարդիկը կարիքը ունին յոյսին ու միակ յոյսը այն իրականութիւնն է, որ Քրիստոս մեռաւ եւ յարութիւն առաւ ... եւ այս մէկը դժուար է հասկնալ երբ որոշ պետութիւնները քահանաները կը զինուորագրեն, որպէսզի պատերազմին ճակատի վրայ, թափուր թողելով իրենց ժողովրդապետական հասարակութիւնները։ Ո՞վ է, որ անոնց կարող է յոյս ներշնչել եթէ ոչ ծիսակատարութիւնը, խորհուրդները, աղօթքը, քահանան որ կը մխիթարէ, մէկ խօսքով Աստուծոյ սէրը» ըսաւ Կարդինալ Կուճերոթթին։

Ան ապա խօսեցաւ Միջին Արեւելքի մասին ու այնտեղ բռնկած պատերազմներուն ու յատկապէս Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու ինքնութեան որ սերտ կերպով զօդուած է ազգային ինքնութեան հետ, ապա անդրադարձ կատարեց խաղաղութեան ու հաշտութեան ի սպաս Եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութեան։

Հաշուետուութիւն մը կատարելով ROACO-ի վեհաժողովի մասին ան նշեց թէ ժողովին ընթացքին խօսուեցաւ սովորական ծրագիրներու մասին ու թէ քննարկումներուն մեծ մասը ուղղուած էին պատերազմին ու անոր հետեւանքներուն ու թէ ինչպէս պէտք է պատրաստուիլ դիմագրաւելու համար վերակառուցումը։ «Հսկայական ջանք մը, բայց առ այժմ ոչինչ կարելի է ընել, քանի դեռ պատերազմները չեն աւարտած» ըսաւ ի միջի այլոց Կարդինալ Կուճերոթթին։

Ինչ որ ինձ տպաւորեց այն է թէ մեր ծրագիրները սովորաբար զարգացման ծրագիրներ են, սակայն շուտով պիտի դառնան վերակառուցման ծրագիրներ, վերակառուցելու համար այն ինչ որ մարդը քանդեց։ Մենք ծախսեր կատարեցինք կառուցելու համար, ծախսեր` քանդելու համար և հիմա նորէն պէտք է ծախսեր կատարենք վերակառուցելու համար, մինչ մարդիկ կը մահանան սովէն և յուսահատութենէն» նկատել տուաւ Ծիրանաւորը աւելցնելով թէ այս մէկը «ոչ թէ զարգացում այլ խելագարութիւն»։

Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը խօսեցաւ նաեւ Միջին Արեւելքի հակամարտութեան մասին մատնանշելով որ պատերազմներուն մեծ մասը պտուղն են արտաքին ուժերու, որոնք իրենց «ազդեցութիւնը» կ՛ուզեն գործադրել աշխարհը իրար միջեւ բաժնելու համար։ Անոնք պատերազմը չեն կատարեր իրենց տան մէջ, այլ միւսներու տան մէջ։

«Եթէ Գերպետութիւնները ուզենային համաձայնութեան գալ, վաղն իսկ ոչ մէկ պատերազմ գոյութիւն պիտի ունենար» ըսաւ ապա Ծիրանաւորը դատապարտելով նաեւ հարուստ երկիրներու կողմէ աղքատ երկիրներուն շահագործումը, ինչպէս է Ափրիկէի պարագային։

Ան ապա նշեց, որ «Կազայի պարագային պակասը կայ համաձայնութեան հասնելու կամքի մը» ու թէ «կան ոմանք որոնք շահ ունին եթէ պատերազմը շարունակուի»։ Անա ապա անդրադարձ կատարեց Լիբանանեան կացութեան, ուր ըսաւ Ան «Երկիրը արդեն ծունկի վրայ է ու եթէ պատերազմը ընդլայնուի ականատես պիտի ըլլանք այլ մէկ կոտորածի, ինչպէս եղաւ Սուրիոյ մէջ,....Եթէ այսպէս շարունակուի վտանգը կայ որ Արեւելեան Եկեղեցիները, անոնք որոնք ծնունդ առին այնտեղ, Յիսուսի ծնած ու ապրած վայրերուն մէջ, անյայտանան...եթէ մեզմէ խլեն մեր արմատները մենք կը որբանանք ապագայէ» ըսաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը որ պատասխանելով Եւրոպային հայող վերջին հարցումին, հաստատեց թէ «մենք մոռացած ենք Եւրոպայի հիմնական արժէքները» հրաւիրելով վերադառնալու այդ արժէքներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2024, 10:50