Այո՛ ողիմպիական եւ Պարաօլիմպիկ խաղերը կրնան խաղաղութեան ռազմավարութիւններ եւ հակաթիւն դառնալ պատերազմի խաղերուն մէջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի պաշտօնական բազմարզական միութիւնը հրապարակեց նամակ մը ուղղուած Փարիզի ողիմպիական խաղերու մասնակցող մարզիկներուն։
Նամակին մէջ Սուրբ Աթոռի մարզական միութիւնը նկատել կու տայ որ Փարիզի ողիմպիական խաղերը սկիզբ կ՝առնեն համաշխարհային մակարդակի վրայ պատերազմներու, լարուածութիւններու եւ անարդարութիւններուն լոյսին ներքոյ։
Սուրբ Աթոռի մարզական միութիւնը նամակին մէջ կ՝ընդգծէ, որ 13 յունուարէն ի վեր, Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ աջակցուած ողիմպիական զինադադարը ու Վատիկանի Աթլեթիքայի եւ գաղթականներուն խումբի մրցոյթներուն մասնակցութիւնը խաղաղութեան երկու առաջարկներ են, զոր ողջ մարզական ընտանիքը կ՝արձակէ մարդկութեան համար մութ ժամանակաշրջանին մէջ ու ողիմպիական խաղերը եւ 28 օգոստոսէն, պարաօիլմփիկ խաղերը նախ եւ առաջ այր մարդոց եւ կանանց պատմութիւններ են, որ այսօր կարողութիւնը չ՝ունին դադրեցնելու «Կտոր կտոր համաշխարհային երրորդ պատերազմը, «ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապ սահմանած է» այլ կ՝առաջարկեն, աւելի եղբայրական մարդկութեան հնարաւորութիւն՝ Մարզական երկխօսութեան լեզուով՝ հանրաճանաչ եւ բոլորին հասկնալի։
Վատիկանի մարզական միութիւնը հրաւէր կ՝ուղղէ բոլոր մարզիկներուն մարմնաւորելու մարզանքի արժէքները՝ սէր, ներառականութիւնը, եղբայրութիւն, խմբային ոգի, հաւատարմութիւն, նուիրուածութիւն եւ զոհաբերութիւն, նկատել տալով որ ամէն մարզանք, ամէն յաղթահարուած մարտահրաւէր, ամէն դիմագրաւած դժուարութիւն, կ՝առաջնորդեն ողիմպիական խաղերուն։
«Մարզանքը միայն յաղթանակ կամ պարտութիւն չէ, մարզանքը կեանքի ճամբորդութիւն է, որ երբեք միայնակ կարելի չէ կատարել» նշուած է Սուրբ Աթոռի մարզական միութեան նամակին մէջ ու միջբերուած Ֆրանչիսկոս Պապին ողիմպիական զինադադարի համար կոչը, ընդգծելով որ Եղբայրութեան ոգիով եւ մարզանքի միջոցաւ, 2024ի ողիմպիական խաղերու սկիզբը, Վատիկանի Աթլթեիքան անգամ մը եւս կ՝արձակէ, Ֆրանչիսկոս Պապին ողիմպիական զինադադարի համար կոչը։
«Քաջութիւն, ոչ մէկ մինակ է մարզանքի փորձառութեան մէջ, իւրաքանչիւրին մօտ կայ խումբ մը, ընտանիք մը, համայնք մը։ Առանց դիւրացումներուն եւ հաւատարմութեամբ, խաղերը կարող են դառնալ յոյսի հնարաւորութիւն, իւրաքանչիւր անհատի եւ մարդկութեան իւրաքանչիւր փոքրիկ եւ մեծ հարցերուն մէջ։ Այո՛ ողիմպիական եւ Պարաօլիմփիք խաղերը կրնան խաղաղութեան ռազմավարութիւններ եւ հակաթիւն դառնալ պատերազմի խաղերուն մէջ» կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մարզական միութեան հրապարակած նամակին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ