Որոնել

Կարդինալ Փարոլին կը հանդիպի Ուքրանիոյ մէջ Յոյն կաթողիկէներուն եկեղեցւոյ առաջնորդ, Քիեւի աւագ արք. Գերերջանիկ Սվիաթոսլավ Չեւչուքի հետ Կարդինալ Փարոլին կը հանդիպի Ուքրանիոյ մէջ Յոյն կաթողիկէներուն եկեղեցւոյ առաջնորդ, Քիեւի աւագ արք. Գերերջանիկ Սվիաթոսլավ Չեւչուքի հետ 

Կարդինալ Փարոլին . Ուքրանիոյ մէջ իմ ներկայութիւնս Պապին կենսունակ մօտիկութիւնը փոխանցել է

Վատիկանի Պետական Քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ուքրանիոյ մէջ եկեղեցական իշխանութիւններուն ներկայացուցիչներուն շարքին հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ուքրանիոյ մէջ Յոյն կաթողիկէներուն եկեղեցւոյ առաջնորդ, Քիեւի աւագ արք. Գերերջանիկ Սվիաթոսլավ Չեւչուքի հետ։ Ծիրանաւորին մեկնաբանութիւնը այս հանդիպումի առիթով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Որպէս Պապին ներկայացուցիչ, Ուքրանիա այցելութեան ծիրէն, Վատիկանի Պետական Քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, եկեղեցական իշխանութիւններուն ներկայացուցիչներուն շարքին հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ուքրանիոյ մէջ Յոյն կաթողիկէներուն եկեղեցւոյ առաջնորդ, Քիեւի աւագ արք. Գերերջանիկ Սվիաթոսլավ Չեւչուքի հետ։

Հանդիպումի աւատին ծիրանաւորը իր տպաւորութիւնները յայտնելով եւ մեկնաբանելով սոյն հանդիպումը նշեց, որ ինք շատ ուրախացաւ Ուքրանիոյ Յոյն Կաթողիկէներուն առաջնորդարանը վերադառնալուն համար, «ուր ականատես եղայ բազմաթիւ յառաջդիմութիւններուն, յատուկէն եկեղեցւոյ մէջ» ըսաւ Ան։

Ծիրնաւորը ապա նշեց, որ Ուքրանիա տուած այցելութեան պահը շատ հաճելի չէ երկրին առկայ իրավիճակի համար ու ինք Ուքրանիա այցելեց Ժողվուրդին հետ խաղաղութեան համար աղօթելու։

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին եւ Ուքրանիոյ մէջ Յոյն կաթողիկէներուն եկեղեցւոյ առաջնորդi
Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին եւ Ուքրանիոյ մէջ Յոյն կաթողիկէներուն եկեղեցւոյ առաջնորդi

Կարդինալ Փարոլին ապա մէջբերեց կիրակի օրը իր արտասանած քարոզէն քաղուած խօսքեր, որոնց մէջ խրախուսած է, որ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը պէտք է մարգարէական ըլլայ՝մարգարէ Եղիային պատկերին համաձայն
ու պէտք է աղօթել խաղաղութեան համար այն համոզումով, որ Աստուծոյ համար ամէն ինչ կարելի է եթէ նոյնիսկ յուսախաբութեան մատնուած ենք, որովհետեւ Տէրը մեզմէ, մեր սիրտէն եւ մեր կարողութիւններէն աւելի մեծ է ։

Կարիդնալ Փարոլին ապա յայտնեց, որ իր փոխանցած պատգամը, Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնն է, որուն մասին Քահանայապետը բազմիցս անգամ կրկնած է, նաեւ անցեալ կիրակի օրը օգտագործելով «Մարտիրոսացած Ուքրանիան» ածականը։ «Պապը պատերազմի առաջին օրէն իսկ իր մօտիկութիւնը յայտնեց ինչպէս նաեւ իր մասնակցութիւնը Ուքրանիոյ ժողովուրդին ցաւերուն եւ տառապանքներուն» ըսաւ Ան

Կարդինալ Փարոլին ապա նշեց որ Ուքրանիոյ մէջ իր կենսունակ ներկայութիւնը, ներկայութիւն է Պապին, որ կը կիսէ ժողովրդին ցաւը ու յատուկէն կը փափաքի օգնել՝ բանալու համար խաղաղութեան ուղիներ, սոյն պատերազմի լուծման ուղիներ։

Ծիրանաւորը ապա իր յոյսը յայտնեց որ իր ներկայութիւնը կարենայ փոքրիկ նպաստ մը բերել, երկրի խաղաղութեան համար նաեւ երկրի քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ հանդիպումի միջոցաւ։

«Ահա սա է քիչ մը իմ այցելութեանս իմաստը եւ իսկապէս շատ գոհ եմ։ Գերերջանիկ Սվիաթոսլավ Չեւչուքը ինծի ըսաւ որ շատ ուրախ է իմ այցելութեան համար եւ ես իսկապէս գոհ եմ, որ հոս կը գտնուիմ եւ ուրախ եմ որ ձեր հետը կը կիսեմ այս կարեւոր պահը», ըսաւ Վատիկանի Պետական քարտուղարը։
 

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, եւ Քիեւի աւագ արք. Գերերջանիկ Սվիաթոսլավ Չեւչուք
Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, եւ Քիեւի աւագ արք. Գերերջանիկ Սվիաթոսլավ Չեւչուք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2024, 11:00