Որոնել

Հանդիպում կարդինալ Փարոլին եւ Նախագահ Զելեսնքի Հանդիպում կարդինալ Փարոլին եւ Նախագահ Զելեսնքի 

Ուքրանիա. Հանդիպում կարդինալ Փարոլինի եւ նախագահ Զելենսքիին միջեւ նուիրուած արդար եւ յարատեւ խաղաղութեան յանձնառութեան

Քիեւի մէջ Վատիկանի Պետական քարտուղարը ընդունեց Ուքրանիոյ նախագահը։ Ծիրանաւորը Պապին մօտիկութիւնը փոխանցեց ու պարգեւատրուեցաւ ազգային բարձր պատուոյ շքանշանով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին այս օրերուն Ուքրանիոյ մէջ քաղաքացիական ղեկավարներուն հետ ունեցած հանդիպումներու կեդրոանական պահը եղաւ Ուքրանիոյ նախագահի հետ հանդիպումը։ 

Վատիկանի Պետական քարտուղարութեան «Իքս» ընկերային ցանցին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կը կարդանք որ կարդինալ Փարոլին Ուքրանիոյ Պետական ղեկավարին վերահաստատած է «Պապին մօտիկութիւնն ու Մարտիրոսացած Ուքրանիոյ համար արդար եւ յարատեւ խաղաղ լուծում գտնելու յանձնառութիւնը»։ Հանդիպումի ընթացքին Ուքրանիոյ նախագահը Կարդինալ Փարոլինը պարգեւատրած է ազգային պատուոյ բարձր շքանշանով։

Նշենք, որ նախագահ Զելենսքի արդեն անցեալ յունիս ամիսը ընդունած էր Պապին պատուիրակը։ Այն ժամանակ Պոլոնիայի եւ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին նախագահ կարդինալ Մաթէօ Ծուփփին էր, որ այցելած էր Ուքրանիոյ նախագահին։ Վերջին տարիներուն նախագահ Զելենսքի տարբեր առիթներով զրուցած է Պապին հետ։

Վերջին զրոյցը տեղի ունեցաւ մէկ ամիս առաջ, Իտալիոյ Փուլիա մարզի մէջ գումարուած աշխարհի եօթը մեծ երկիրներուն գագաթնաժողովին ժամանակ երբ՝ ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց գագաթնաժողովին ներկայ գտնուող ղեկավարները։

Պապի եւ Զելենքիին միջեւ Նախորդ խօսակցութիւնը տեղի ունեցած է 28 դեկտեմբեր 2023ին։ Նախագահ Զելենսքի հեռաձայնածին կապով  շնորհաւորեց Քահանայապետը Յիսուսի Սուրբ Ծնունդի տօնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2024, 10:48