Որոնել

Կարդինալ Փարոլինը Ուքրանիոյ մէջ Կարդինալ Փարոլինը Ուքրանիոյ մէջ 

Կարդինալ Փարոլին. Ուքրանիան կ՛ապրի Գողգոթայի խաւար պահը, Աստուծմէ հայցենք խաղաղութեան հրաշքը

«Ով ամենասուրբ Մայր, այնպէս ըրէ, որ մանուկներն ու պատանիները ունենան վստահելի եւ ապահով ապագայ, որ ընտանիքները ըլլան սիրոյ օճախներ, տարեցները եւ հիւանդները ընդունին սփոփանք` տառապանքին մէջ եւ անոնք որոնք իրենց հայրենիքը կը պաշտպանեն պաշտպանուած ըլլան չարին յարձակումներէն, ռազմագերիները կարողանան վերստին ողջագուրել իրենց սիրելիները մինչ զոհերը ընկալուին Երկինքի Արքայութեան մէջ»

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Քահանայապետին` որպէս պատուիրակ Ուքրանիա մեկնած Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Կիրակի 21 Յուլիս 2024ին, «Berdychiv»ի Մարեմեան Սրբավայրին մէջ մատուցեց Սուրբ Պատարագ, որուն առիթով հրաւիրեց հաւատացեալները «չկորսնցնելու վստահութիւնը` նոյնիսկ երբ կը թուայ, որ չարը կը գերակայէ»։

Ան ապա հրաւիրեց Եկեղեցին մշտաջան  աղօթելու «որպէսզի Աստուած դարձի բերէ սրտերն անոնց, որոնք հեռացած իր ճանապարհէն եւ ստրուկ դարձած սնապարծութեան, մահ եւ բռնութիւն կը սերմանէն, ոտնակոխ ընելով միւսներուն արժանապատւութիւնը»։

Կարդինալ Փարոլինի այցը Ուքրանիա
Կարդինալ Փարոլինի այցը Ուքրանիա

Կարդինալ Փարոլինը Ուքրանիա մեկնած էր անցեալ 19 յուլիսին եւ այնտեղ պիտի մնայ մինչեւ յառաջիկայ չորեքշաբթի օր, 24 յուլիսին։ Կեցութեան ընթացքին Ան պիտի ունենայ տարբեր հանդիպումներ ու պիտի այցելէ տարբեր վայրեր ինչպէս մայրաքաղաք Քիեւը եւ Օտեսսան։

Ուքրանացի կաթողիկէներու սրբավայր` «Berdychiv» ի «Քարմինէի» Տիրամօր ուխտագնացութեան տօնախմբութիւններուն առիթով, վերեւ նշուած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Վատիկանի Պետական Քարտուղարը ի միջի այլոց հաստատեց, թէ «ոչ մէկ բան անկարելի է Աստուծոյ համար», բոլորին ապահովեցնելով նաեւ Սրբազան Պապին մօտիկութիւնը որ ուքրանացի ժողովուրդին կը միանայ «հայրական ջերմ ողջագուրումով», ու հայցեց որ «Տէրը, երկնային բժիշկը, մեզ բուժէ ու մեր քարէ սրտերը փոխակերպէ մսեղէն սրտերու»։

Կարդինալ Փարոլին
Կարդինալ Փարոլին

Քարոզին մէջ Ծիրանաւորը խօսեցաւ  Սրբավայրի պատմութեան մասին ապա աւարտին հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ բարեխօսութիւնը, որպէսզի «մեզի ընկերանայ դէպի Յարութեան փառքը».

«Ով ամենասուրբ Մայր, այնպէս ըրէ, որ մանուկներն ու պատանիները ունենան վստահելի եւ ապահով ապագայ, որ ընտանիքները ըլլան սիրոյ օճախներ, տարեցները եւ հիւանդները ընդունին սփոփանք` տառապանքին մէջ եւ անոնք որոնք իրենց հայրենիքը կը պաշտպանեն պաշտպանուած ըլլան չարին յարձակումներէն, ռազմագերիները կարողանան վերստին ողջագուրել իրենց սիրելիները մինչ զոհերը ընկալուին Երկինքի Արքայութեան մէջ» եղաւ Քահանայապետական Պատուիրակին աղօթքը, որ արարողութեան աւարտին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, սրբավայրն նուիրեց վարդարան մը, որպէս «բոլորիս պարտաւորութիւն շարունակել աղօթելու, որպէսզի Աստուածամայրը բաւարարէ մեր կարիքները»:

Կարդինալ Փարոլինի այցը Ուքրանիա
Կարդինալ Փարոլինի այցը Ուքրանիա

Յայտնենք որ` նախորդ օրը Փարոլինը այցելած էր Օտեսսա քաղաքը, ուր Սուրբ Կոյս Մարիամի Վերափոխման Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցած էր կղերական դասին ու հաւատացեալներուն հետ անոնց եւս տանելով Քահանայապետին մօտիկութեան արտայայտութիւնները. որ «մտահոգութեամբ, ցաւով եւ մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի կացութեան» ըսաւ Ան աղօթելով «արդար եւ մնայուն խաղաղութեան մը համար» ու հաւաստիացնելով թէ ինք եւս կը բաժնեկցի ուքրանացի անմեղ ժողովուրդին ցաւը։

«Ես կը հաւատամ, որ որպէս քրիստոնեաներ մենք պէտք չէ կորսնցնենք յոյսը, այն յոյսը, որ Տիրոջ շնորհքով կարող է դպչիլ նոյնիսկ ամենակարծր սրտերուն» ըսաւ ապա Ծիրանաւորը, մաղթելով որ «բարի կամքի տէր բազմաթիւ մարդոց շնորհիւ, կարելի ըլլայ գտնել արդար խաղաղութեան մը հասնելու ուղին» այս ուղղութեամբ վստահեցնելով նաեւ Վատիկանի դիւանագիտութեան յանձնառումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2024, 11:22