Որոնել

Միջուկային զէնքեր Միջուկային զէնքեր 

Սուրբ Աթոռը. Միջուկային զէնքերը միշտ սպառնալիք են մարդկութեան

«Շարունակուող զինուած հակամարտութիւններու ողբերգութեան մէջ պէտք է վերականգնել միեւնոյն մարդկային ընտանիքի անդամ ըլլալու գիտակցութիւնը» ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռին մնայուն դիտորդ արք Պալեսթրերոյի ելոյթը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդ արք, Էթորէ Պալեսթրերօ ելոյթ ունեցաւ միջուկային զէնքի չտարածման մասին պայմանագրի վերանայման համագումարի երկրորդ նախապատրաստական յանձնաժողովին ժամանակ։

Արքեպիսկոպոսը իր ելոյթին մէջ ընդգծեց միջուկային ոլորտէն ներս ռազմական ծախսերու մտահոգիչ աճը ու նոր արհեստագիտութիւններու վտանգը։

«Շարունակուող զինուած հակամարտութիւնները, յատուկէն Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը կը ծառայեն յիշեցնելու, որ երկխօսութեան որոնումը պէտք է անդադար ըլլայ եւ միջուկային զէնքի եւ զանգուածային ոչնչացման այլ զէնքի տիրապետումը կը ներկայացնէ», ինչպէս գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ 19 հոկտեմբերին Հիրոշիմայի եպիսկոպոսի յղած նամակի մէջ Հզօր եօթը երկիրներու գագաթնաժողովին առթիւ « վտանգի բազմապատկիչը, որ միայն խաղաղութեան պատրանք կը ստեղծէ»։

Վատիկանի դիւանագէտը իր ելոյթին մէջ ըսաւ, որ «Սուրբ Աթոռը խորապէս մտահոգուած է այն գոյութեան սպառնալիքով, որ կը ներկայացնէ միջուկային զէնքի տարածումը եւ միջուկային զէնքերը։

Արք Պալեսթրերօ նշեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապ այս տարի, Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններու ուղղած ճառին մէջ վերահաստատեց «միջուկային զէնքի արտադրութեան եւ տիրապետումի անբարոյականութիւնը եւ ընդգծեց որ «որքան մտահոգիչ է միջուկային զէնքերուն հետ կապուած ռազմական ծախսերու աճը աւելցնելով, որ այդ սպառնալիքները վիրաւորանք են մարդկութեան քանի, որ միջուկային պատերազմը անկասկած կ՝ունենայ անուղղելի եւ կործանարար ազդեցութիւն մարդկային կեանքերուն մէջ։

«Շարունակուող զինուած հակամարտութիւններու ողբերգութեան մէջ» եզրափակեց Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդը, պէտք է վերականգնենք միեւնոյն մարդկային ընտանիքի անդամ ըլլալու գիտակցութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2024, 12:17