Որոնել

Կարինալ Հոլլերիխ Կարինալ Հոլլերիխ 

Կարդինալ Հոլլերիխ աշխատանքային թղթածրարին մասին. Կը վերսկսինք սիւնոդականութեան առաջին պտուղներէն

Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի սովորական 16րդ նստաշրջանին ընդհանուր զեկուցող, Կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլէրիխի վկայութիւնները սիւնհոդոսի երկրորդ նստաշրջանի աշխատանքային թղթածրարի շուրջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 10 յուլիսին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացուեցաւ Սիւնհոդոսի երկրորդ նստաշրջանի Աշխատանքային թղթածրարը։ Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի սովորական 16րդ նստաշրջանին ընդհանուր զեկուցող, Կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլէրիխ Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին խօսեցաւ վերոյիշեալ աշխատանքային թղթածրարին մասին, ապա անդրադարձաւ կարգ մը թեմաներուն, որոնց շարքին եկեղեցաբանութիւն,այր մարդոց եւ կիներուն համատեղ պատասխանատուութիւնը, եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, այլ եկեղեցիներու եւ քրիստոնեայ համայնքներու հետ համատեղ ընդհանուր ուղեւորութիւնը։

Աշխատանքային թղթածրարը

Կարդինալ Հոլլերիխ նշեց, թէ աշխատանքային թղթածրարը զեռոյէն պատրաստուած չէ նկատել տալով, որ առաջին նստաշրջանին ամփոփ զեկոյցը, բոլոր եկեղեցիներուն արձագաքները, այս բոլորը կը կազմեն Instrumentum laboris, որ աշխատանքային գործիք է եւ ոչ թէ սիւնհոդոսի արդիւնք։

Եկեղեցաբանութիւնը՝ ինչպէս ըլլալ սիւնհոդասական եկեղեցի։

Ինչ կը վերաբերի եկեղեցաբանութեան թեմային ու ինչպէս ըլլալ սիւհնոդասական եկեղեցի կարդինալ Հոլլերիխ շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ որ մենք՝ հաւատացեալներս առաքելութեան մէջ ենք, եկեղեցին եւ մկրտուած հաւատացեալները Աստուծոյ կողմէ ուղարկուած են Աւետարանը աշխարհի աւետելու համար ու եկեղեցին պէտքը ունի աշխարականներուն, այր մարդոց եւ կանանց։ Եկեղեցին կղերականներու եկեղեցի չէ այլ մկրտեալներու եկեղեցի ։

Ինչպէս կարելի է պատասխանատուութեան ենթարկել աշխարականները՝ այր մարդիկ եւ Կիները

Կարդինալ Հոլլերիխ նշեց, որ եկեղեցւոյ մէջ ամէն ինչ բաց է՝ ըլլայ այր մարդոց, ըլլայ կանանց եւ ոչ մէկ տարբերութիւնը կայ այր մարդոց եւ կանանց միջեւ ու այս մէկը կը տեսնենք երբ Պապը կանանց առջեւ բացաւ ընթերցումի եւ մոմակիրի աշխարականներու պաշտօնները, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ վարդապետութեան մէջ կը գտնենք կանանց եւ այր մարդոց միջեւ հաւասարութիւնը։

Ընթանալ քոյր եկեղեցիներուն հետ

Կարդինալ Հոլլերիխ նշեց, որ Սիւնհոդասական ձեւով քալել կը նշանակէ քալել նաեւ քոյր եկեղեցիներուն հետ ու որպէս Աստուծոյ ժողովուրդ, որպէս մկրտեալներու ժողովուրդ ունինք նաեւ այլ եկեղեցիներուն եւ քրիստոնեայ համայնքներուն մէջ մկրտութիւնը եւ մենք կը յարգենք այդ մկրտութիւնը եւ կը սիրենք այդ եկեղեցիները։ ըսաւ ծիրանաւորը աւելցնելով որ քոյր  եկեղեցիներուն մէջ ականատես կ՝ըլլանք Սուրբ Հոգիին ներգործութեան։ Կարդինալ Հոլլերիխ ի վերջոյ շեշտեց որ աշխարհի մէջ աւետարանումի առաքելութիւնը բոլոր եկեղեցիներուն ընդհանուր պարտականութիւնն է ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/07/2024, 09:53