Որոնել

Sinodo dei Vescovi

Հրապարակուեցաւ Սիւնհոդոսի երկրորդ նստաշրջանի Աշխատանքային թղթածրարը

Յառաջիկայ Հոկտեմբերին նախատեսուած Սիւնհոդոսի ԺԶ Սովորական Գլխաւոր Ժողովի երկրորդ նստաշրջանի աշխատանքները լուսաբանող Աշխատանքային թղթածրարը շարունակած է զարգացնել 2021 թուականին սկսած ողջ սինոտալ գործընթացը՝ առաջարկներ ներկայացնելով, որպէսզի Եկեղեցին իր առաքելութեան մէջ՝ բոլոր մկրտուած անձերու մասնակցութեամբ, դառնայ միշտ աւելի «սինոտալ»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ինչպէ՞ս ըլլալ միսիոնարական սինոտալ Եկեղեցի: Այս է յառաջիկայ Հոկտեմբեր 2էն 27ը Եպիսկոպոսներու Սինոդի յաջորդ նստաշրջանի Աշխատանքային թղթածրարի (Instrumentum laboris) առանցքային հարցադրումը, որ հրապարակուեցաւ այսօր՝ 9 Յուլիսին եւ ներկայացուեցաւ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին մէջ։ Փաստաթուղթը պատրաստ պատասխաններ չտար, այլ կը ներկայացնէ՝ «ցուցումներ եւ առաջարկութիւններ» թէ ինչպէս Եկեղեցին, որպէս ամբողջութիւն, կարող է արձագանքել «առաքելութեան մէջ սինոտալ ըլլալու անհրաժեշտութեանը», այսինքն՝ նուազեցնելով վարչական դանդաղկոտութիւնը աւելի մօտ ըլլալով մարդկանց․ Եկեղեցւոյ մէջ բոլոր մկրտուածները համապատասխանատու են եւ կը մասնակցին Աստուծոյ տունի ու ընտանիքի կեանքին՝ իւրաքանչիւրը իր ստանձնած պաշտօնով եւ դերով։

Փաստաթուղթի հինգ մասերը

Աշխատանքային թղթածրարը (ԱԹ) կազմուած է հինգ բաժիններէն՝ ներածութիւն, հիմքեր եւ երեք կեդրոնական մասեր: Ներածութիւնը կը յիշեցնէ մինչ այժմ անցած ճանապարհը եւ կ’ընդգծէ ձեռք բերուած նպատակները։ Հիմքերը (թիւեր 1-18), կը կեդրոնանան, սիհնհոդոսականութեան ըմբռնման վրայ որպէս դարձի եւ բարեփոխման ճանապարհ, որտեղ կ’ընդգծուի, որ պառակտումներով ու բախումներով նշանաւորուած այսօրեայ աշխարհի մէջ Եկեղեցին կոչուած է ըլլալու միասնութեան նշան, հաշտեցման եւ բոլորին ունկնդրելու գործիք, եւ յատկապէս՝ աղքատներուն, անտեսուածներուն։

Բացի այդ, հիմքերու մէջ անդրադարձ կը կատարուի կանանց դերին Եկեղեցւոյ կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս (թիւեր 13-18), որոնք «մկրտութեան ուժով լիակատար հաւասարութեան պայմաններու մէջ Սուրբ Հոգիէն կը ստանան նոյն պարգեւները եւ կոչուած են ծառայելու Քրիստոսի առաքելութեան»:

Կանանց սարկաւագական ծառայութեան առնչուող նիւթը պիտի չքննարկուի Հոկտեմբերին․ Հաշուի առնելով տեղական Եկեղեցիներու միջեւ կարծիքներու բախումները՝ նպատակայարմար նկատուած է  դեռեւս շարունակել «աստուածաբանական մտորումները»։

Մաս Ա - Յարաբերութիւններ Աստուծոյ հետ, եղբայրներու եւ Եկեղեցիներու միջեւ

ԱԹ ի առաջին մասը կը կեդրոնանայ Աստուծոյ հետ, եղբայրներու եւ քոյրերու եւ Եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւններու վրայ (թիւեր 22-50), որոնք թոյլ կու տան Եկեղեցիին ըլլալու սինոտալ առաքելութեան մէջ: Տեղական Եկեղեցիներու կողմէ կը շեշտուի նաեւ, որ  յատկապէս երիտասարդները կը խնդրեն յարաբերութիւններու վրայ հիմնուած Եկեղեցի: Այս տեսանկիւնէ Հոկտեմբերի Ժողովը կարող է քննարկել նոր գրասենեակներ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը՝ տուեալ պարագային հիմնուելով «ունկնդրելու եւ ուղեկցելու» գերատեսչութիւն ստեղծելու առաջարկին վրայ։

Մաս Բ – Վերապատրաստման դասընթացներ եւ համայնքային զատորոշում

Ըստ ԱԹ ի երկրորդ մասի՝ վերոնշեալ յարաբերութիւնները ապա պիտի զարգացուին քրիստոնէաբար՝ շարժուելով ուսուցման եւ «համայնքային զատորոշման» ուղիներով (թիւեր 51-79), ինչը թոյլ կու տայ Եկեղեցիներուն ընդունիլ համապատասխան որոշումներ՝ առանձնացնելով բոլորի պատասխանատուութիւնն ու մասնակցութիւնը: «Սերունդներու միահիւսման մէջ այդ մէկը սիհնհոդոսականութեան դպրոց է: Իւրաքանչիւրը՝ թոյլն ու ուժեղը, մանուկները, երիտասարդներն ու ծերերը, շատ բան ունին ստանալու եւ շատ բան ունին տալու» (թիւ 55), կը նշուի Թղթածրարին մէջ։

Պատասխանատուութեան կարեւորութիւնը

Փաստաթուղթը յատկապէս կը պարտաւորեցնէ եկեղեցական պարտականութիւններ ունեցողներուն յանուն Եկեղեցւոյ բարօրութեան եւ առաքելութեան իրենց աշխատանքը ներկայացնել թափանցիկ եւ հաշուետու կերպով: Այդ Պահանջն առաջացած է ֆինանսական գայթակղութիւններու եւ առաջին հերթին անչափահասներու եւ խոցելի մարդկանց նկատմամբ սեռական եւ այլ բռնութիւններու պատճառաւ վստահութեան կորուստէն ետք:

Հաշուետւողականութիւնն ու թափանցիկութիւնը, կը շեշտուի փաստաթուղթի մէջ, կը վերաբերին «հովուական ծրագիրներուն, աւետարանական մեթոտներուն եւ Եկեղեցւոյ կողմէ որդեգրած գործելաոճին՝ ի նպաստ մարդու արժանապատուութեան հանդէպ յարգանքին» (թիւ 76):

Մաս Գ – Համամիութենական եւ միջկրօնական երկխօսութեան վայրեր

Գ գլուխը (n. 80-108), կը հայի այն առարկայական վայրերու վերլուծութեան, որոնք կը բնութագրուին մշակոյթներով եւ մարդկային վիճակի շարժողականութեամբ, որ կը հրաւիրէ յաղթահարել եկեղեցական փորձառութիւններու անշարժութեան տեսլականը»․ Մէկ եւ տիեզերական Եկեղեցին պէտք է ապրի փոխյարաբերութեան մէջ՝ թէ՛ միջեկեղեցական թէ՛ համամիութենական, թէ՛ մշակութային երկխօսութեամբ։

Յոյսի ուխտաւորներ

Աշխատանքային թղթածրարը կ’եզրափակուի հրաւիրելով շարունակել ճանապարհորդութիւնը որպէս «յոյսի ուխտաւորներ», նաեւ 2025 թուականի Յոբելենական տարուայ հեռանկարով (n. 112):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/07/2024, 12:05