Որոնել

«Տոնի» կողմէ արուած առաջին նկարներէն մին, որ կը պատկերէ Messier 3 գնդաձեւ համաստեղութիւնը՝ 34000 լուսային տարի հեռաւորութեան վրայ: «Տոնի» կողմէ արուած առաջին նկարներէն մին, որ կը պատկերէ Messier 3 գնդաձեւ համաստեղութիւնը՝ 34000 լուսային տարի հեռաւորութեան վրայ: 

Վատիկանի «VATT» աստղադիտակը կը դառնայ ռոպոթացուած եւ ինքնաշխատ

Արիզոնայի մէջ գտնուող Վատիկանի Առաջադէմ Աստղադիտակը կարեւոր թարմացումի ենթարկուած է: «Տոն» անունով նոր ինքնաշխատ կառավարման համակարգի ներդրումը թոյլ կու տայ Վատիկանի Աստղադիտարանին աշխատիլ աննախադէպ ճշգրտութեամբ եւ ինքնավարութեամբ։ Ծրագիրը, որ մեկնարկած է առատաձեռն նուիրատուութեան շնորհիւ, նոր հնարաւորութիւններ կը բանայ համաշխարհային գիտական հանրութեան համար:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Վատիկանի Աստղադիտարանը գիտական ​​հետազօտութիւններու համար կարեւոր քայլ արձանագրած է. Արիզոնայի Կրեհեմ լեռան վրայ տեղակայուած Վատիկանի Առաջադէմ Աստղադիտակը (VATT-Vatican Advanced Technology Telescope), որ յայտնի է իր գերազանց օփթիքայով (տեսողական գործիքներու ամբողջութիւն) եւ առանձնաշնորհեալ դիրքով, վերջերս օժտուեցաւ «Տոն» անունով առաջադէմ ինքնաշխատ համակարգով՝ ի պատիւ «Lord Corporation»ի նախկին նախագահ եւ գործադիր տնօրէն Տոնալտ Մ. Ալսթատթի (1921-2007)։

Համակարգը, որ տեղադրուեցաւ 2024 թուականի 3 Յունիսին, մշակուած է չեխական ProjectSoft HK-ի՝ ճարտարագիտական առաջնակարգ ընկերութեան կողմէ, եւ այս մէկը կը հանդիսանայ ընկերութեան երեսուներորդ նմանատիպ նախագիծը։

Արհեստագիտական նորարարութիւն

«Տոն» համակարգը հիմնուած է առաջադէմ տրամաբանական կարգաւորիչներու եւ արհեստագիտական սարքերու վրայ, որոնք թոյլ կու տան աստղադիտակին աշխատիլ արտասովոր ճշգրտութեամբ՝ դիւրացնելով անոր ամենօրեայ աշխատանքը։ Բացի այդ ան նոր հնարաւորութիւններ կը բանայ ապագայի համար՝ առաջարկելով տարբեր գործելաձեւեր՝ աւանդականէն սկսեալ՝ տեղւոյն վրայ աշխատանքով, մինչեւ աշխատանքի հեռավար ռեժիմը, ինչը թոյլ կու տայ աստղագէտներուն վերահսկել Արիզոնայի VATTը Իտալիոյ Քասթել Կանտոլֆոյի Վատիկանի աստղադիտարանէն:

Միջազգային համագործակցութիւն

«Տոն»ը հնարաւոր դարձած է «Thomas Lord» բարեգործական հիմնադրամի դրամաշնորհի եւ Տոնալտ Մ. Ալսթատթի տիկնոջ՝ Ճուտիթ Ալսթատթի նուիրատուութեան շնորհիւ:

Փորձարկման փուլը կ’ ընթանայ ողջ թափով։ «VATT»ը, որ այս տարի կը նշէ իր գործունէութեան 30րդ տարեդարձը, կ’առաջնորդէ Վատիկանի Աստղադիտարանը դէպի աստղագիտական ​​հետազօտութիւններու պայծառ գալիք, որուն կը սպասէ խոստումնալից ռոպոթային ապագայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2024, 11:52