«ԱՓՍԱ»ի 2023ի եկամուտը` 45,9 միլիոն
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Առաքելական Աթոռի ժառանգութեան վարչակազմը` «ԱՓՍԱ»ն, որ Սուրբ Աթոռի այն մարմինն է, որ կը զբաղի տնտեսական ժառանգութեան կառավարմամբ հրապարակեց իր 2023ի հայող տարեկան հաշուեկշիռը, որուն մէջ ի յայտ կու գայ թէ 2023ին եկամուտի շահոյթը եղաւ 45,9 միլիոն եւրօ։ Այս մէկը գրասենեակին առիթ տուաւ 37,9 միլիոնը յատկացնելու Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելութեան։
Հրապարակուած հաշուեկշիռը մանրամասն ակնարկ կը ներկայացնէ APSA-ին վստահուած երկու խոշոր կառավարումներու մասին։ Ինչ կը հայի շարժական գոյքերու կառավարման կը նկատուի թէ 2023ին արձանագրուեցաւ 27,6 միլիոն եւրոյի տնտեսական յաւելում։
Այս կառավարումն իրականացուեցաւ ոչ շահարկիչ նպատակներով՝ ցած վտանգով և ապացուցուած սոցիալական ազդեցութեամբ՝ համաձայն Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութեան:
Իսկ ինչ կը հայի անշարժ գոյքերու մատակարարումին, որուն մաս կը կազմեն Իտալիոյ տարածքին ու նաեւ արտերկրի մէջ հինգ հազարէ աւելի կալուածներ, 2023ի տուեալներուն համաձայն կայ 35 միլիոն եւրոյի շահոյթ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ