Որոնել

Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային Սուրբ Դուռը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային Սուրբ Դուռը 

Յոբելենական Սուրբ Տարին եւ Սուրբ Դուռը

Յառաջիկայ 24 Դեկտեմբերին Հռոմի Եպիսկոպոսը Սուրբ Պետրոսի բրոնզէ երկու փեղկերը բանալով պիտի ազդարարէ 2025ի Սուրբ Տարուայ սկիզբը, որու ընթացքին միլիոնաւոր ուխտաւորներ պիտի հատեն անոր շեմը։ Դարերու պատմութիւն ունեցող Սուրբ դուռը մեզ կը դարձնէ դէպի Քրիստոս եւ Անոր ողորմութիւն։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Յառաջիկայ 24 Դեկտեմբերին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի Սուրբ Դուռին բացումով պիտի ազդարարուի 2025 թուականի Յոբելենական Սուրբ Տարուայ սկիզբը։

Հռոմի Եպիսկոպոսը դռնբացէքի արարողութեամբ կը հրաւիրէ եկեղեցական համայնքը մտնել Աստուծոյ տուն։

Յատկանշական է այն փաստը, որ Սուրբ Դուռէն կարելի է միայն մտնել եւ ոչ՝ ելլել։ Հատել անոր սեմը կը նշանակէ ցանկութիւն արտայայտել՝ մտնելու Քրիստոսին սիրտը եւ Անոր զգացմունքներուն ներդաշնակ՝ ստանալու Հօր ողորմած ողջագուրումը։ «Ես եմ դուռը, եթէ մէկը մտնէ իմ միջոցովս, պիտի փրկուի»: Յիսուսին այս խօսքերուն յղում կատարած է Յովհաննէս Աւետարանիչը (10:9)։

Լիակատար ներումի հնարաւորութեան արտակարգ ճամբայ

Սուրբ Պետրոս Տաճարին հետ միասին Սուրբ Դուռ ունին նաեւ Հռոմի միւս երեք Քահանայապետական Պազիլիքաները (Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս, Սանթա Մարիա Մաճճիորէ, Սուրբ Պօղոս Ֆուորի լը Մուրա) եւ տարբեր այլ եկեղեցիներ, որոնք, աւանդոյթի համաձայն, ուխտագնացութիւններու վայր են։ Հատելով անոնց սեմը, Քահանայապետի արտօնութեամբ, հաւատացեալներուն մեղքերու թողութեան եւ լիակատար ներումի հնարաւորութեան «արտակարգ ճամբայ» կ’առաջարկուի:

Առաջին Սուրբ Դուռը

Կ’ենթադրուի, որ Յոբելեաններու պատմութեան մէջ Սուրբ Դուռի բացում առաջին անգամ կատարուած է 1423ին ՝ ձեռամբ Մարթինօ Ե Քահանայապետին։ Խօսքը Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի մասին է։

Այդուհանդերձ, Սուրբ դուռերէն ամէնէ հինը դեռեւս գոյութիւն ունեցած է պատմութեան մէջ անգամ առաջին Յոբելեանէն առաջ՝ յայտարարուած 1300ին Պոնիֆացիոս Ը Քահանայապետի կողմէ։ Ան կառուցուած է Իտալիոյ Աքուիլա քաղաքի Քոլլեմաճօ Պազիլիքայի ձախ պատին՝ 1294 թուականին Չելեսթինօ Ե Պապի կողմէ եւ անգամ մինչ օրս ըստ աւանդոյթի կը բացուի միայն մէկ օր՝ օգոստոս 28-ի երեկոյեան մինչև 29ի երեկոյ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2024, 13:29