Կարդինալ Փարոլինի Ուքրանիա այցելութեան օրակարգը, ծիրանաւորը պիտի այցելէ Քիեւ եւ Օտէսա քաղաքները
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Այսօր՝ ուրբաթ 19 յուլիսին, սկիզբ առաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ճամբորդութիւնը Ուքրանիա։ Ծիրանաւորը Պապին կողմէ նշանակուած է, որպէս ներկայացուցիչ ներկայ գտնուելու համար Կաթողիկէ Ուքրանացիներուն ուխտագնացութեան եզրափակիչ արարողութեան, զոր տեղի պիտի ունենայ «Պերտիշիվ» Տիրմաօր Սրբավայրին մէջ։
Ծիրանաւորին այցելութիւնը, առաջին է որ տեղի կ՝ունենայ արեւելեան եւրոպայի մէջ Ռուսիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր ու վերջ պիտի գտնէ յառաջիկայ 24 յուլիսին։ Վատիկանի Պետական քարտուղարութեան «Իքս» ընկերային կայքին վրայ գրանցուած է, որ Ծիրանաւորը Ուքրանիոյ մէջ պիտի ունենայ տարբեր հանդիպումներ եւ ժամադրութիւններ։
Քիեւ ժամանումին նախատեսուած է, որ 19 յուլիսին, կարդինալ Փարոլին այցելէ Լատիններու Լվիվ Մետրոպոլիտի արքեպիսկոպոսարանը, ապա այցելէ Օտէսսա քաղաքը։
Կիրակի 21 յուլիսին, «Պերտիշիվ»ի Տիրամօր սրբավայրին մէջ Կարդինալ Փարոլինի գլխաւորութեամբ պիտի մատուցուի կաթողիկէ Ուքրանացիներուն ուխտագնացութեան եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը։
Նախատեսուած է, որ Վատիկանի Պետական քարտուղարը Ուքրանիա ճամբորդութեան ընթացքին այցելէ Քիեւի յոյն կաթողիկէներու աւագ արք, Սվիաթոսլաւ Չէյչուքին։ Օրակարգին մէջ նախատեսուած է նաեւ քաղաքացիական եւ կրօնաւորական իշխանութիւններու հետ հանդիպումներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ