Գերպ. Փալիա . Բացարձակ ոչ հեշտամահութեան եւ ինքնասպանութեան օժանդակութեան, եկեղեցին եւ քաղաքականութիւնը պէտք են համագործակցիլ կեանքի վերջի մասին։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կեանքի համար քահանայապետական կաճարի նախագահ, գերապայծառ Վինչենցօ Փալիա, Վատիկանի Լրատուամիջոցներու հետ ունեցած զրոյցով մը անդրադարձաւ յուլիս ամսուան աւարտին, Վատիկանի տպագրատունէն հրապարակուած կեանքի վերջի հարցին առնչուող փոքրիկ հատորին մասին։
88 էջերով փոքրիկ հատորը կը պարունակէ հեշտամահութեան, անձնասպանութեան օժանդակութեան, մինչեւ ամոքիչ դեղերով խնամքի եւ դիակիզումի, կեանքի վերջին բանավէճին առնչուող բարձր բարոյական նիւթեր։
Վատիկանի լրատուամիջոցներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Գերապայծառ Փալիա պարզաբանեց փոքրիկ հատորին որոշ կէտեր, որոնց առանցքը կազմեց Ինքնասպանութեան եւ հեշտամահութեան օժանդակութեան բացարձակ հակազդեցութիւնը. կեանքի իրաւունքի պաշտպանութիւն, յատկապէս ամենէն շատ խոցելի մարդկանց. Հիւանդներուն աւելի մեծ խնամք. Եկեղեցւոյ եւ քաղաքականութեան միջեւ համագործակցութիւն կեանքի վերջին հարցերուն շուրջ։
Նշենք, որ վերոյիշեալ գրկոյքը վերջերս ուշադրութեան կեդրոն դարձած է երբ որոշ թերթեր ընդգծեցին, թէ որոնք են Սուրբ Աթոռի կողմէ «առաջարկութիւնները», այս առնչութեամբ Գերապայծառ Վինչենցօ Փալիա իր ելոթին մէջ բացատրեց, թէ այդ առաջարկութիւնները արմատներ ունին Պապին եւ Եկեղեցւոյ վերջին 70 տարիներուն վարդապետութեան մէջ։
Կեանքի համար քահանայապետական կաճարի նախագահը, 8 օգոստոսին, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի յանձնած է փոքրիկ հատորին օրինակ մը։
Գերապայծառ Փալիա նշած է, որ Նորին Սրբութիւնը վերահաստատած է իր երախտագիտութիւնը այս աշխատանքի համար, զոր իրականացուցած է քահանայապետական կաճարը, նկատել տալով որ վստահօրէն կեանքի վերջի հարցը բարդ է եւ եկեղեցին իր կողքին ունի հարուստ վարդապետութիւն՝ Պիոս ԺԲ էն, 1957 թուականէն մինչեւ այսօր։
Կեանքի համար քահանայապետական կաճարի նախագահը խրախուսեց որ ամենէն առաջ պէտք է պաշտպանել կեանքի իրաւունքը յատկապէս խոցելի մարդկանց կեանքը, հակազդելու համար «Թափոն մշակոյթ»ին, որ թաքնուած է այսօրուան կանանց եւ այր մարդոց ինքնաբաւութեան եւ ինքնավարութեան պահանջին ետին, ըսած է Ան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ